
2018-ին հրատարակեցինք «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորը:
Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք այս հատորի պատրաստութեան համար: Ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկան հետեւեալ իրողութիւնները:
Հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները` իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, անմասն չեն մնացած Հայոց ցեղասպանութենէն: Ա՛յն ցեղասպանութենէն, որ ծրագրուեցաւ, որոշուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ թուրք ազգայնամոլ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու կողմէ, գործադրուեցաւ թուրք ջարդարար զինուորականներու, քաղաքացիներու, բժիշկներու եւ վարձկան խմբակներու կողմէ:
Հայոց ցեղասպանութեան առաջին օրերուն հայ բժիշկները իրենց արիւնակիցներուն հետ միասին ձերբակալուած են, բանտարկուած են, տարագրուած են եւ անմարդկային չարչարանքի ենթարկուած են թուրք ճիւաղային ձեռքերով, պարզապէս հայածին եւ հայ անունով մկրտուած ըլլալնուն պատճառով: Անոնք արժանապատուութեամբ մաս կազմած են հայ նահատակներու մեծ փաղանգին: Այս բոլորը թրքավայել վարձատրութիւնն էր հայ բժիշկներուն, որոնք դարձած էին ամբողջ Թուրքիոյ բժշկական մարզին հիմնական սիւները:
Հայ բժիշկներէն շատերը Ցեղասպանութեան տարիներուն իրենց բժշկական ծառայութեան եւ կամ ձերբակալութեան ու բանտարկութեան ընթացքին վարակուած են ժանտախտէ: Անոնք երկար տարիներ պայքարած են այս հիւանդութեան դէմ եւ ի վերջոյ մահացած են:
Որոշ թիւով հայ բժիշկներ, ականատես ըլլալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան աննախընթաց բոլոր փուլերուն եւ հայ ժողովուրդի տաժանակիր կեանքին ու անձամբ թրքական բանտերուն եւ զօրանոցներուն մէջ չարչարուելէ ետք, վերապրած են նախախնամութեան ներգործութեամբ: Անոնք եղած են ցիր ու ցան, տարածուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ շարունակած են իրենց բժշկական առաքելութիւնը` ծառայելով համայն մարդկութեան անխտիր:
Երդմնադրուժ թուրք բժիշկներ իրենց արիւնարբու ձեռքերով խողխողած են հայրենիքին նուիրեալ հայ բժիշկները եւ եղած են դահճապետները իրենց գործակից, պարտաճանաչ հայ գործակիցներուն: Ջարդարար թուրք բժիշկները առաջնորդուած են մոլեռանդ ազգայնամոլութեամբ եւ կծու նախանձով` հայ բժիշկներու գերազանցութեան, բժշկական բարձր մակարդակին, հմտութեան, դիրքերուն եւ պաշտօններուն նկատմամբ:
Նահատակուած բժիշկներէն եւ դեղագործներէն անկախ` եղած են մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ եւ բուժաշխատողներ, որոնք պատերազմի, տեղահանութեան եւ Ցեղասպանութեան պատճառով կորսնցուցած են իրենց ընտանիքի անդամները եւ հարազատները, պապենական կալուածներն ու տուները, ինչքն ու հարստութիւնը, եւ մազապուրծ փախչելով` ապաստան գտած են հարեւան երկիրներու մէջ: Հետագային անոնք ցրուած են աշխարհի չորս ծագերը եւ մաս կազմած են այսօրուան տխուր իրողութիւնը հանդիսացող ՍՓԻՒՌՔ-ին: Անոնց մէկ մասը իր վախճանը գտած է օտար ափերուն կամ ձուլուած է տեղաբնակ ժողովուրդներու մէջ:
Եղած են նաեւ մեծ թիւով հայ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբուժներ, որոնք ձերբակալուած ու բանտարկուած են Չանղըրըի եւ Այաշի բանտերուն մէջ, ենթարկուած են տաժանակիր չարչարանքներու, սակայն բախտի բերմամբ ազատած են ստոյգ մահէն: Անոնք վերադարձած են Պոլիս եւ վերապրած են: Անոնք բոլորն ալ ծառայած են օսմանեան բանակին մէջ: Եղած են անուանի բժիշկներ եւ հանրածանօթ ազգային-հասարակական գործիչներ, կուսակցականներ եւ մտաւորականներ: Վերապրողներէն շատերը հեռացած են Թուրքիայէն եւ հաստատուած են հայկական հեռաւոր գաղթօճախներ, ուր իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութիւնը բերած են տեղւոյն հայերուն:
Այս ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկած էին հետեւեալ վիճակագրական արդիւնքները` Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին պատահածներուն վերաբերող.
1.- Նահատակուած են` 198 բժիշկ, 16 ատամանաբուժ, 100 դեղագործ եւ 2 անասնաբուժ: Նահատակուածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 316:
2.- Ժանտախտէ մահացած են` 54 բժիշկ, 4 ատամնաբուժ եւ 21 դեղագործ: Ժանտախտէ մահացածներուն ընդհանուր թիւը եղած է 79:
3.- Վերապրած են` 71 բժիշկ, 17 դեղագործ, 7 ատամնաբուժ եւ 2 անասնաբուժ: Վերապրողներուն ընդհանուր թիւը եղած է 97:
Վերոյիշեալ գիրքի հրատարակութենէն ետք, երկու տարի շարունակեցինք մեր պրպտումները եւ կարողացանք գտնել նահատակուած մէկ բժիշկի եւ մէկ անասնաբուժի, վերապրած 87 բժիշկներու, 22 ատամնաբուժներու եւ 37 դեղագործներներու անունները, ընդհանուրը` 146 վերապրող: Այս վիճակագրական տեղեկութիւնները մանրամասնօրէն որպէս յաւելուած յիշած ենք 2022-ի սկիզբը մեր հրատարակած «Բժիշկին Զ. խօսքը» հատորին մէջ:
Ուրեմն Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը հասած էր 243-ի:
Անցնող երկու տարուան ընթացքին յաւելեալ պրպտումներով գտած ենք վերապրած 35 բժիշկներու, 2 ատամնաբուժներու եւ մէկ դեղագործի անունները եւ կենսագրութիւնները, ընդհամէնը` 38: Ուրեմն մեր ուսումնասիրութիւններուն հետեւելով` կրնանք ըսել, որ վերապրած բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ընդհանուր թիւը կ՛ըլլայ 281:
Այս 38 վերապրողներն են`
Այվազեան Կարապետ, Ասլանեան Գրիգոր, Արաբեան (Արապեան) Երուանդ, Աքսարալեան Նազարէթ, Բերբերեան (Պէրպէրեան) Սարգիս, Բոնապարտեան (Պոնափարթեան) Խաչատուր, Գազանճեան Վարազդատ, Գալֆայեան Պեռնարտ, Թոփալեան Վարդան, Խրլոբեան Երուանդ, Կէրկէրեան Գէորգ, Կէրկէրեան Օննիկ, Մանուէլեան Երուանդ, Մանուկեան Անդրանիկ, Յովսէփեան Մովսէս, Չաղլասեան Հրանդ, Չաւուշեան Անդրանիկ, Չպլաքեան Յարութիւն,Չիւրիւքեան Վահէ, Պարոնեան Մարտիրոս, Պետրոսեան Յովսէփ, Պիւլպիւլեան Արթուր, Պօղոսեան Խաչիկ, Սավլեան Յովհաննէս, Սուքիասեան Սուրէն, Վարվառեան Հայկ Վարվառեան, Վարդապետեան Գարեգին, Վարժապետեան Տիգրան, Տագէսեան Միսաք, Փասքալ Վահան, Փօթուքեան Վահրամ, Քաջեան Ազատ, Քասունի Տիգրան, Քէլիքեան Համբար-Համբարձում, Քիւփելեան Ներսէս, Գ. Խանդամուր, Փիլաւճեան Խաչատուր, Պասմաճեան Կարապետ:
Մեր մամուլին միջոցով այս ցանկէն հերթաբար պիտի ներկայացնենք մեր մամուլին միջոցաւ խումբ մը վերապրածներու կենսագրութիւնները` յառաջիկայ չորս ամիսներու ընթացքին:
Այսօր կը ներկայացնենք Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած բժիշկ Գրիգոր Ասլանեանի ամփոփ կենսագրութիւնը:
Բժիշկ Գրիգոր Ասլանեան ծնած է 1859-ին: Հայրական մականունը եղած է Մուրատեան, սակայն հետագային Գրիգոր ընդունած է իր քեռիին` Ստեփան փաշա Արսլանեան/Ասլանեանի ազգանունը: Ասլանեան գերդաստանը ունեցած է անուանի 12 բժիշկներ:
Ան աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կեդրոնական վարժարանը:
1884-ին աւարտած է Կ. Պոլսոյ Կայսերական զինուորական բժշկական բարձրագոյն վարժարանը եւ ստացած է բժիշկի կոչում եւ հարիւրապետի աստիճան:
1884-1897 ծառայած է Էտիրնէ քաղաքի զինուորական հիւանդանոցին մէջ:
1897-1907 ծառայած է Կ. Պոլսոյ Մալթեփէ թաղամասի զինուորական հիւանդանոցին մէջ:
1907-1908 ծառայած է Եմէնի մէջ:
1908-ի սահմանադրութեան հռչակումէն ետք ստացած է հազարապետի աստիճան եւ նշանակուած է Կ. Պոլսոյ Եըլտըզ թաղամասի Նշանճի արքունի զինուորական վաշտի բժիշկ:
Մէկ տարի ծառայած է Ալպանիոյ մէջ եւ կատարած է ժողովուրդէն զէնք հաւաքելու պարտականութիւնը: Վերադառնալէ ետք ղրկուած է Պաղտատ եւ 3,5 տարի ծառայած է տեղւոյն զինուորական հիւանդանոցին մէջ` որպէս գլխաւոր բժշկի տեղակալ:
1914-ին անցած է կենսաթոշակի:
Նոյն տարին ուղարկուած է Պասրա եւ աշխատած է որպէս քաղաքապետարանի բժիշկ:
1915-18 ծառայած է Պասրայի զինուորական հիւանդանոցին մէջ` իբրեւ գլխաւոր բժշկապետ:
4 տարի Պասրայի մէջ ապրած է իբրեւ պատերազմական գերի: Հոն իրեն յանձնուած է ոչ փոխադրութեան ենթակայ հիւանդներու բուժումն ու խնամքը:
1918-ին պատերազմի աւարտին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ վերջնականապէս անցած է կենսաթոշակի:
Պարգեւատրուած է 4-րդ աստիճանի Օսմանիէ եւ 4-րդ աստիճանի Մեճիտիէ պատուանշաններով եւ «Հիճազի» ու «Լիաքաթ» մետալներով:
Մահացած է 1934 նոյեմբեր 3-ին, Կ. Պոլիս:
Աղբիւրներ`
1 – Մինասեան Յարութիւն, բժիշկ, «Հայազգի բժիշկ գործիչներ» Երեւան, 2020:
2 – Մինասեան Յարութիւն, ՕսմանԵան կայսրութիւնում, Թուրքիայի հանրապետութիւնում, եւ յարակից տարածքներում բռնաճնշումների եւ Ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան 2014:
Leave a Reply