Լոզանի դաշնագիրը հայ մամուլի մէջ

•

Խաչատուր Ներսէսօղլուի «Լոզանի դաշնագիրը հայ մամուլի մէջ» խորագրեալ ուսումնասիրութիւնը լոյս տեսաւ «Լիթերաթիւր» հրատարակչատան մատենաշարէն։ Հեղինակին հետ զրուցեցինք այս երկրորդ գիրքի բովանդակութեան շուրջ։

Նախ ձեզ ճանչնանք։

Խ.Ն.- Ծնած եմ 1991 թո­ւին Իս­թանպուլ։ Աւար­տե­ցի նախ Թարգման­չաց ապա Էսաեան վար­ժա­րան­նե­րը։ Տա­կաւին աշա­կեր­տութեան տա­րինե­րէս յա­տուկ հե­տաքրքրու­թիւն ու­նէի պատ­մութեան հան­դէպ։ Հա­մալ­սա­րանա­կան ու­սումս հիմ­նա­կանին փի­լիսո­փայու­թիւն էր, բայց աւար­տա­ճառս պատ­րաստե­ցի պատ­մութեան նիւ­թով։ Օս­մա­նեան հայ մա­մու­լի էջե­րէն Վե­նիզե­րոսի մա­սին գրու­թիւննե­րու մշա­կու­մով պատ­րաստո­ւած աւար­տա­ճառը ու­սուցիչ­նե­րուս թե­լադ­րանքով վե­րածուեցաւ հա­տորի մը եւ հրա­տարա­կուե­ցաւ 2020-ին։

«Լո­զանի դաշ­նա­գիրը հայ մա­մու­լի մէջ» իմ երկրորդ գիրքն է, որու նա­խապատ­րաստման փու­լին աջակ­ցութիւ­նը վա­յելե­ցի ինք եւս պատ­մութեան ու­սա­նող քրոջս Թա­լար Ներ­սէ­սօղ­լո­ւի։

Ին­չը՞ ձեզ մղեց նման աշ­խա­տու­թեան։

Խ.Ն.- Լո­զանի դաշ­նա­գիրը յա­ճախ օրա­կար­գի եկող կա­րեւոր նիւ­թ մըն է։ Ան­ցեալ տա­րի այդ դաշ­նագրի ստո­րագրման հա­րիւ­րա­մեակն էր եւ զա­նազան ակա­դեմա­կան ու­սումնա­սիրու­թիւննե­րով նիւ­թը կրկին ան­գամ քննար­կո­ւեցաւ։ Անոնցմէ ոմանք քննար­կե­ցին դաշ­նագրի տար­բեր լրա­տուա­միջոց­նե­րու մէջ ներ­կա­յաց­ման օրի­նակ­նե­րը։ Ես ալ նման աշ­խա­տասի­րու­թիւնով ու­զե­ցի նպաստ բե­րել այդ ծա­ւալին։ Նախ սկսայ նիւ­թե­րու հա­ւաքագրման։ Կա­րելի եղա­ծին չափ օպյեկ­տիւ մեր­ձե­ցում մը որ­դեգրե­ցի, քա­նի որ հիմ­նա­կան նպա­տակը ո՛չ թէ ներ­կայ ակնկա­լու­թիւննե­րը գո­հաց­նել, այլ ան­ցեալը լու­սա­բանելն է։ Բո­լոր աշ­խա­տու­թիւնը ու­թը ամիս տե­ւեց եւ գիր­քը լոյս տե­սաւ սոյն տա­րուայ Մա­յիս ամ­սո­ւան մէջ։

Իսկ ըն­թերցո­ղը ի՞նչ պի­տի գտնէ այս հա­տորը թղթա­տելով։

Խ.Ն.- 20 հա­յերէն թերթ ու­սումնա­սիրե­ցի, որոնցմէ շա­տը ար­տերկիր կը հրա­տարա­կուին։ Անոնց կար­գին է «Առա­ւօտ», «Աս­պա­րէզ», «Պայ­քար», «Ճա­կատա­մարտ», «Ժո­ղովուրդի Ձայ­նը-Ժա­մանակ», «Մաճ­կալ» եւ «Երի­տասարդ Հա­յաս­տան»։

Աշ­խա­տա­սի­­րու­­թեան մէջ նա­­խապատ­­ւութիւն տրո­­ւած է ուղղա­­կիօրէն հա­­յերը յու­­զող խնդիր­­նե­­­րու։

Նե­­րառո­­ւած են նաեւ նկար­­ներ, եր­­գի­­­ծան­­կարներ եւ գծագ­­րութիւններ։ Գիր­­քի մուտքին անդրա­­դարձներ կա­­տարուած է հայ մա­­մու­­լի պատ­­մութե­­նէն եւ գիր­­քին մէջ տեղ գտած թեր­­թե­­­րու ան­­ցեալէն։ Երեք գլխա­­ւոր հա­­տուած­­նե­­­րուն մէջ, երեք բա­­ժին­­նե­­­րու վրայ ու­­սումնա­­սիրո­­ւած է Լո­­զանի բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու նա­­խոր­­դող շրջա­­նի մա­­սին ընդհա­­նուր ակ­­նարկ մը, ապա 1915-ի տա­­րագ­­րութեան մա­­սին օրէն­­քը եւ վեր­­ջա­­­պէս 1922 Սեպ­­տեմբե­­րին Զմիւռնիոյ հրդե­­հէն ետք գաղ­­թե­­­լու հար­­կադրո­­ւած հայոց պայ­­մաննե­­րը։ Այս հա­­տուա­­ծի մէջ ու­­շագրաւ են արե­­ւելեան խնդի­­րը, հայ­­կա­­­կան հար­­ցը եւ անոնց զու­­գա­­­հեռ ըլ­­լա­­­լով հա­­յոց երկրի մա­­սին յօ­­դուած­­նե­­­րը։ Այդ յօ­­դուած­­նե­­­րու ընդհա­­նուր յայ­­տա­­­րարն է Անգլիա, Ֆրան­­սա, Ռու­­սիա եւ ԱՄՆ-ի հա­­յոց ուղղած խոս­­տումնե­­րը։

Երկրորդ բաժ­­նի մէջ տեղ տրո­­ւած է բա­­նակ­­ցութիւննե­­րու գոր­­ծընթա­­ցին։ Հոն կը տես­­նենք հայ­­կա­­­կան պա­­տուի­­րակու­­թեան ձեռ­­նունայն մնա­­լուն ամ­­բողջ հա­­յու­­թեան մօտ պատ­­ճա­­­ռած հիաս­­թա­­­փու­­թիւնը։ Ինչպէս 1918-ի Մոնտրո­­սի դաշ­­նագրին, Լո­­զանի գոր­­ծընթա­­ցին մէջ ալ ոչ մէկ պե­­տու­­թիւն զօ­­րակ­­ցած է հա­­յոց։ Գիր­­քի եր­­րորդ հա­­տուա­­ծը նիւթ կ՚առ­­նէ դաշ­­նագրի հա­­յերէն մա­­մու­­լի մէջ ու­­նե­­­ցած ար­­ձա­­­գանգնե­­րը։ Բո­­լոր թեր­­թե­­­րը հա­­մաձայն են թէ ար­­դա­­­րու­­թիւնը ի վեր­­ջոյ պի­­տի կա­­յանայ։

Ի՞նչ տար­­բե­­­րու­­թիւն կայ թուրք եւ հայ մա­­մու­­լի մեր­­ձեցման մէջ։

Խ.Ն.- Նա­­խաբա­­նին մէջ գրած եմ հե­­տեւեալ նա­­խադա­­սու­­թիւնը. «Այս մէ­­կը գրո­­ւած է մոռ­­նա­­­լու, յի­­շելու եւ շեշ­­տադրե­­լու առանցքին»։ Այ­­սինքն թէ հայ եւ թէ թուրք մա­­մու­­լի մէջ կը տես­­նենք ան­­ցեալի կարգ մը դէպ­­քե­­­րը ան­­տե­­­սելու, իսկ իրա­­ւացի տե­­սած­­ներն ալ շեշ­­տադրե­­լու հա­­կու­­մը։ Թրքա­­կան մա­­մու­­լը աւե­­լի շատ ազ­­դո­­­ւած է թուրք պա­­տուի­­րակ­­նե­­­րու յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րէն։ Այստեղ յատ­­կանշա­­կան է Ռը­­զա Նու­­րի յայ­­տա­­­րարու­­թիւննե­­րը, որ հայ-թուրք հա­­կադ­­րութիւ­­նը կը դի­­տէ քա­­ղաքա­­կան գետ­­նի վրայ եւ կը հա­­մարէ ան­­լուծե­­լի։ Այդ իսկ պատ­­ճա­­­ռաւ ալ ան բա­­ցար­­ձա­­­կապէս դէմ է հա­­յոց իրենց եր­­կի­­­րը վե­­րադառ­­նա­­­լուն։ Այդ օրե­­րու թրքա­­կան մա­­մու­­լը բո­­լորո­­վին կը բաժ­­նէ Ռը­­զա Նու­­րի այս կար­­ծի­­­քը։

Իսկ ապա­­գային ի՞նչ ծրա­­գիր­­ներ ու­­նիք։

Խ.Ն.- Կը պատ­­րաստո­­ւիմ եր­­կու հա­­մագու­­մարնե­­րու մաս­­նակցե­­լու։ Կարգ մը կի­­սաւարտ յօ­­դուած­­ներ ու­­նիմ, որոնք պի­­տի լրաց­­նեմ եւ պի­­տի հրա­­տարա­­կեմ ակա­­դեմա­­կան պար­­բե­­­րական­նե­րու մէջ։

https://www.agos.com.tr/am/hvotvadzi/31095/lvozani-tashnakiri-hah-mamuli-mech

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

October 2024
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ