Լեւոն Արք. Զէքիեանի ութսունամեակին նուիրուած «ՏՕՆԱԳԻՐ»ին շնորհահանդէսը Վենետիկի մէջ

Վենետիկի Քա Ֆոսքարի համալսարանին մէջ, ուր Լեւոն արք. Զէքիեան տարիներ առաջ հիմնած է հայոց լեզուի եւ գրականութեան ամպիոնը եւ դասաւանդած նոյն նիւթը` լրիւ երեսունհինգ տարիներ, 17 յունիս 2024-ի կէսօրէ ետք տեղի ունեցաւ 2023-ի հոկտեմբերին իր ութսունամեակին առիթով խումբ մը նախկին սաներու կողմէ պատրաստուած ՏՕՆԱԳԻՐ-ին (Mռlanges) շնորհահանդէսը: Նախկին սաներու, գործընկերներու, Վենետիկէն եւ այլ քաղաքներէ ժամանած մտաւորական ու մշակութասէր խուռն բազմութիւն մը ամբողջութեամբ կը լեցնէր համալսարանին գլխաւոր դահլիճը: Այս առիթով Հռոմէն յատկապէս ժամանած էր Հռոմի Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովին նախագահ կարտինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթի, որ Վենետիկի համալսարանին մէջ հայր Լեւոն Զէքիեանի առաջին աշակերտներէն մին եղած էր:

ՏՕՆԱԳԻՐԸ պատրաստուած է հայր Լեւոնի նախկին երեք սաներու համագործակցութեամբ` Փաուլօ Լուքքա, Ալտօ Ֆերրարի եւ Պենետեթթա Քոնթին, որուն կը վիճակուէր, իր գործընկերներուն վկայութեամբ, գլխաւոր դերակատարութիւնը հատորին պատրաստութեան մէջ: Հատորը լոյս կը տեսնէր հայագիտական օտարալեզու ամէնէն հեղինակաւոր hանդէսը նկատուող Revue des Etudes Armռniennes-ի շարքին մէջ` իբրեւ 41-րդ հատորը, տարի` 2022, հանդէսին խմբագրապետ` փրոֆ. Ժան Փիեր Մահէի եւ համաշխարհային տարողութեամբ «Փեթերս» հրատարակչատան բարեհաճ ընկալումով: 650 էջնոց հատորին կազմութեան մասնակցած են աշխարհի չորս կողմերէն` ամէնէն հեղինակաւոր հայագէտներու կարգին նկատուող 35 հայագէտներ:

Հանդէսին բացումը կատարեց Քա Ֆոսքարիի Ասիոյ եւ Միջերկրականեան Ափրիկէի բաժանմունքին տնօրէն փրոֆ. Լաուրա տէ Ճորճի, որմէ ետք Վենետիկի պատրիարք Ֆրանչեսքօ Մորալիայի ներկայացուցիչ արքեպիսկոպոսը կարդաց այս առիթով պատրիարքին ուղղած շնորհաւորական նամակը`  Լեւոն արք. Զէքիեանին: Ապա օրուան հանդիսավար փրոֆ. Ալտօ Ֆերրարի, նոյնպէս հ. Լեւոնի նախկին սաներէն ու ներկայիս  իր յաջորդը Վենետիկի հայագիտական ամպիոնին մէջ, խօսքը տուաւ կարտ. Կուճերոթթիի, որ գրեթէ կէս ժամ տեւողութեամբ ուրուագրեց հայր Լեւոնին կերպարը` որպէս մարդու, դասախօսի, գիտնականի, իմաստասէր-գաղափարախօսի եւ հոգեւորականի: Ապա խօսք տրուեցաւ Պենետեթթա Քոնթինի, որ ներկայացուց հատորին կազմը եւ բովանդակութիւնը: Յաջորդաբար խօսք առին փրոֆեսէօրներ` Ալտօ Ֆերրարի եւ Փաոլօ Լուքքա, որոնք շեշտեցին հայր Լեւոնի հոգեմտաւոր եւ մշակութային հորիզոններուն բացառիկ ընդարձակութիւնը, անոր բոլորովին ուրոյն մերձեցումը ո՛չ միայն հայագիտական, այլ  առ հասարակ մշակութային ընդհանուր հարցերու, ինչպէս նաեւ` հարցերու մերձեցման կերպին մէջ հորիզոնի բացառիկ ընդարձակութիւնը, որով ան կը հանդիսանայ իսկական «վարպետ» եւ «վարդապետ» մը` թէ՛ հայագիտութեան եւ թէ՛ առ հասարակ մարդուն վերաբերեալ հարցերու ծիրին մէջ:

Հուսկ, խօսք առաւ ինքը` հայր Լեւոն Զէքիեան, որ սկսաւ` շեշտելով, որ այս վերջին տարիներուն յատկապէս իր խոհերը կը կեդրոնանան թէ՛ հայութեան եւ թէ՛ առ հասարակ մարդկութեան ապրած ճգնաժամային արտակարգ իրադարձութիւններուն եւ մանաւանդ այս ճգնաժամին ակունքին մէջ ներգործող պատճառներուն եւ ազդակներուն վրայ: Շեշտեց ի միջի այլոց դիւանակալութեան յարաճուն երեւոյթը հասարակութեան այլեւայլ հարթակներուն վրայ, ներառեալ` համալսարանը եւ ակադեմական հաստատութիւնները, մէջբերելով իտալացի հանրածանօթ գիտնականի մը ազդարարութիւնը, որ այս գործընթացը, եթէ չկարենանք զայն պահել ընդունելի սահմաններու մէջ, կրնայ վտանգել լրջօրէն նոյնինքն գիտական պրպտումի, մանաւանդ հասարակական գիտութիւններու յառաջընթացը: Հայր Լեւոն համառօտ ակնարկեց նաեւ Վենետիկի Հայ լեզուի եւ մշակոյթի ամառնային խտացեալ դասընթացքին, որ յառաջիկայ տարի իր քառասնամեակը պիտի բոլորէ, ինչպէս նաեւ` սոյն դասընթացի ծիրին մէջ պատրաստուած «Հայերէն խօսինք» վերնագիրով տեսալսողական դասերիզին: Հուսկ, իր երախտագիտութեան տուրքը ընծայեց նախ` վերին Նախախնամութեան եւ ապա` համալսարանի հեղինակութիւններուն եւ այս բացառիկ օրն ու ՏՕՆԱԳԻՐ-ը պատրաստող նախկին սաներուն եւ գործընկերներուն:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2024
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ