Արբանեակային պատկերները ցոյց կու տան ԼՂ-ի մշակութային ժառանգութեան լայնածաւալ ոչնչացումին աճը․ Caucasus Heritage Watch

«Caucasus Heritage Watch»-ի կողմէն հրապարակուած հայկական մշակութային վայրերու մասին վերջին զեկոյցը ցոյց կու տայ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին Ատրպէյճանի թիրախին մէջ յայտնուած մշակութային ժառանգութեան քանդումներուն թիւը 2023-ի աշունէն ի վեր աճած է 75%-ով:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ «Caucasus Heritage Watch»-ի զեկոյցին մէջ նշուած է, որ վաւերացնելով փորձագէտներու նախազգուշացումները Ատրպէյճանի կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին՝ «Caucasus Heritage Watch»-ի նոր զեկոյցը կը հաստատէ աւերուած վայրերու 75% աճը ողջ շրջանին մէջ՝ անցեալ տարի անոր բնիկ հայ բնակչութեան զանգուածային տեղահանումէն ետք:

«Արբանեակային պատկերներու համեմատութեան միջոցով 2023 թուականի աշնան, երբ աւելի քան 100 հազար հայ հեռացուեցաւ իր հայրենիքէն ատրպէյճանական բռնապետական վարչակարգին կողմէ, 2024-ի գարնան CHW-ի վերջին զեկոյցը ուշադրութեան հրաւիրեց պատմական դպրոցներու, գերեզմաններու եւ սրբավայրերու նպատակաուղղուած աւերումը, եւ բացայայտեց աւերուած վայրերու 75% աճ Արցախի մէջ (նաեւ յայտնի որպէս Լեռնային Ղարաբաղ)», նշուած է զեկոյցին մէջ։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2024
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ