Արցախ` հայկական ինքնութեան պաշտպանութեան միջնաբերդ. Սէօգիւթլուի գրաւումը, Նուկզարի դիմադրութիւնը եւ Թիֆլիսի կռիւները

Քոչուորներու յարձակումները Արցախի գիւղերուն վրայ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ մարտիկները Սէօգիւթլուի մէջ

Գանձակի մէջ հայ-թաթարական կռիւները 1905-ի դեկտեմբերին աւարտած էին հայերու յաղթանակով: Աւազակաորջերու վերածուած թաթարական շարք մը բնակավայրեր չէզոքացուած եւ աւերուած էին:

Գանձակէն կռիւները տարածուեցան դէպի գաւառները: Թաթարներ յարձակեցան հայկական Բադաձոր եւ Գետաբեկ գիւղերուն վրայ եւ քարուքանդ ըրին զանոնք. գիւղացիներէն շատեր սուրի քաշուեցան:

Հայկական ինքնապաշտպանական ուժերը հակադարձեցին` գրաւելով եւ քանդելով թաթարական Մոլլա Ջայլու, Սարիսու, Բայրամլու, Կերվենդ եւ Բալչալու գիւղերը:

Թաթարական գիւղերու գրաւման լուրը շուտով հասաւ Գանձակ: Քաղաքին թաթարները, վրէժ լուծելու նպատակով, հայկական թաղամասեր ներխուժելու նոր փորձ մը ըրին: Սակայն Գանձակ գետի երկարութեամբ, Աղ Քէօրփի ձորին մէջ դիրքեր բռնած Համազասպի մարտական խումբերը հուժկու հակահարուածով փախուստի մատնեցին թաթար հրոսակները:

Հայոց զինուորական մարմինը, Համազասպի ընդհանուր հրամանատարութեամբ, որոշեց շարունակել յարձակողական գործողութիւնները եւ կանխել հայկական գիւղերու վրայ սպասուող թաթար հրոսակախումբերու հետագայ յարձակումները:

* * *

Մարտիրոս Վարժապետի գլխաւորութեամբ Չարդախլու գիւղին մէջ 200 հեծեալ ու հետեւակ մարտիկներէ բաղկացած արշաւախումբ կազմուեցաւ:

Թաթարներ, հայերու կողմէ սպասուող յարձակման մասին տեղեկանալով, սկսան լքել իրենց բնակավայրերը եւ Սէօգիւթլու մեծ գիւղին մէջ կեդրոնացան: Հոն կեդրոնացան նաեւ թաթար շուրջ հազար զինեալներ, որոնց օգնութեան հասան նաեւ Գետաբեկի շրջանի թաթարները:

Հայկական մարտական ուժերը, Մարտիրոս Վարժապետի հրամանատարութեամբ, 31 դեկտեմբեր 1905-ի գիշերը բանակ դրին Սէօգիւթլուի շրջակայքը եւ դիրքեր գրաւեցին: Օժանդակ խումբերը շրջակայ ձորերուն մէջ դարան մտան:

Լուսաբացին, Նոր տարուայ` 1 յունուար 1906-ի առաջին ժամերուն պատերազմական փողը հնչեց: Հայ մարտիկները «Յառա՜ջ» գոռալով գրոհի անցան: «Յառա՜ջ» գոռալով ձորերէն դուրս թռան նաեւ օժանդակ խումբերը: Սէօգիւթլու ամէն կողմէ շրջապատուեցաւ: Թաթարներ իրենց դիրքերէն սկսան կրակել, բայց չյաջողեցան կազմակերպուած դիմադրութիւն ցոյց տալ: Հայ մարտիկներուն հրացանները, ուժգին համազարկերով, անընդհատ կրակ կը տեղային Սէօգիւթլուի վրայ:

Մարգար Վարժապետ, ղազախեցի Բեգլար, բանանցեցի Մակիչ, փիբեցի Համբարձում, ախալքալաքցի Պետրոս, վանեցիներ Ղասապ Գրիգոր եւ Կարապետ Մելքոնեան նետի նման յառաջ սլացան եւ մտան Սէօգիւթլու:

Մէկ ժամուան կատաղի կռիւներէ ետք թշնամիի բոլոր դիրքերը անցան հայ մարտիկներուն ձեռքը:

Թաթարներ, խուճապահար, փախուստի դիմեցին: Հայ մարտիկները վրայ հասան եւ անխնայ կոտորեցին այր մարդիկը, խնայելով կիներն ու մանուկները:

Հայ մարտիկները այնուհետեւ աւերեցին ու հրդեհեցին Սէօգիւթլուն: Անոնք իրենց հետ տարին շուրջ երեք հազար ոչխար, հարիւրաւոր կով, եզ, ձի եւ տնային իրեղէններ:

Սէօգիւթլուիի փայլուն յաղթանակը շահուեցաւ առանց հայ մարտիկներուն կողմէ որեւէ կորուստի:

* * *

Սէօգիւթլուէն հայ մարտիկները շարժեցան դէպի Գետաբեկ: Զինուորական մարմինը որոշեց շարունակել յարձակողական գործողութիւնները, գրոհել Գետաբեկի գործարանին եւ թաթարական միւս յենակէտերուն վրայ ու ոչնչացնել հոն պատսպարուած թաթար հրոսակները:

Սակայն ռուսական իշխանութիւնները, նահանգապետ Տակայշվիլիի գլխաւորութեամբ, չէին կրնար հանդուրժել հայոց այդքան յաջողութիւնները:

Հայ մարտիկները հազիւ Գետաբեկ մտած էին, երբ նահանգապետ Տակայշվիլիի հրահանգով հոն հասան 150 կոզակներ եւ փորձեցին շրջափակման մէջ առնել հայկական ուժերը: Կոզակներուն միացան նաեւ թաթարական հրոսակախումբերը, գլխաւորութեամբ հայերու դահիճ դարձած Սիւլէյման բէկ Շամխորսկիի եւ Մուսիեւի:

Կոզակներն ու թաթարները սկսան կրակել հայ մարտիկներուն ուղղութեամբ:

Շրջափակումէ եւ կոզակներուն դէմ կրակելէ խուսափելու համար, Մարտիրոս Վարժապետ նահանջի հրաման տուաւ:

Նահանջի ընթացքին զոհուեցան քաջարի մարտիկներ Բեգլար Աւագեան եւ Պետրոս Ախալքալաքցի, իսկ Մարտիրոս Վարժապետ, բանանցեցի Մակիչ Անաստասեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ ծանր կերպով վիրաւորուեցան:

* * *

Ռուս զինուորներու աջակցութենէն քաջալերուած, աւազակապետ Տալի Ալի շուրջ երեք հազար հոգիէ բաղկացած հրոսակախումբով 6 յունուար 1906-ի առաւօտ կանուխ յարձակեցաւ Նուկզար գիւղին վրայ:

Նուկզար (կամ Նուզգար) զուտ հայաբնակ գիւղը կը գտնուէր Գանձակի գաւառին արեւմտեան կողմը, Շամքորէն հիւսիս-արեւելք, Շամքոր գետի աջակողմեան սարաւանդին վրայ եւ չորս կողմէն թաթարական գիւղերով շրջապատուած էր:

Գիւղին ինքնապաշտպանական ուժերը յամառ դիմադրութիւն ցոյց տուին: Կատաղի ճակատամարտը սկսաւ առաւօտեան ժամը 5:00-ին: Հակառակ իրենց գերազանց ուժին, թաթարները չկրցան ընկճել նուկզարցիներու դիմադրութիւնը եւ ներխուժել գիւղ:

Վեց ժամ, մինչեւ ժամը 11:00 տեւած կռիւներէ եւ ծանր կորուստներէ ետք, թաթարներ քանի մը մարագներ եւ խոտի դէզեր հրդեհեցին եւ սկսան նահանջել:

Թաթարներ իրենց հետ ձիակառքեր բերած էին, նուկզարցիներուն աւարը տանելու համար: Բայց իրենց սպաննուածներուն դիակները լեցուցին եւ հեռացան:

Նուկզարի պաշտպան քաջերը վեց զոհ տուին:

* * *

Թիֆլիս

Գանձակի կռիւներուն հետ միաժամանակ, 1905-ի նոյեմբերին կռիւներ սկսան Թիֆլիսի մէջ:

Թաթարներ նոյեմբեր 22-ին անակնկալօրէն չորս կողմէն կրակ բացին դէպի Թիֆլիսի հրապարակը բացուող փողոցներուն ուղղութեամբ:

Արմէն Գարօ

Հայեր փութով ինքնապաշտպանութեան լծուեցան: Հաւաքուեցան հինգ հարիւր կամաւորներ: Հայաշատ Հաւլաբար թաղի հրամանատար նշանակուեցաւ Տուրպախ, իսկ Արմէն Գարօ ստանձնեց Կուրի աջ ափի հրամանատարութիւնը:

Երկուստեք սկսած բուռն հրացանաձգութիւնը շարունակուեցաւ ամբողջ օրն ու գիշերը եւ յաջորդ օր: Թրքական թաղէն դէպի հայկական թաղեր գացող փողոցներուն վրայ պատնէշներ կանգնեցուեցան: Ռուս ոստիկանութիւնը քաշուեցաւ հրապարակէն:

Հայերու եւ թաթարներու միջեւ միջնորդութեան եւ հաշտութեան առաջարկով հանդէս եկան վրացի սոցիալ դեմոկրատները:

Վրացիք լուրջ մտահոգուած էին եւ ամէն գնով կ՛աշխատէին աւերածութենէ զերծ պահել իրենց մայրաքաղաքը: Անոնք հայերուն կ՛ըսէին, որ Բորչալուէն տասնչորս հազար թաթար կռուողներ Թիֆլիս մտած են, քաղաքին դրութիւնը օրհասական է եւ պէտք է զիջիլ թուրքերուն ու խաղաղութիւնը վերականգնել:

Վրացիք հայերուն ներկայացուցին իբրեւ թէ թաթարներուն կողմէ առաջադրուած հաշտութեան պայմանագիրը, որ հայերը պէտք է ընդունէին 24 ժամուան մէջ:

Ա) Հայոց կաթողիկոսը անձամբ պէտք է երթար շէյխ ուլ իսլամին մօտ եւ ներողութիւն խնդրէր կատարուած սպանութիւններուն համար: Բ) Հայ հոգեւորականութիւնը եկեղեցիներուն եւ փողոցներուն մէջ պէտք է դատապարտէր կատարուած սպանութիւնները եւ հաշտութեան քարոզներ կարդար ժողովուրդին: Գ) Անմիջապէս իշխանութիւններուն պէտք է յանձնուէին սպաննուած թուրքերուն դահիճները` դատուելու համար:

Արմէն Գարօ վճռական կերպով մերժեց նուաստացուցիչ առաջարկը:

Հայ-թաթարական գօտեմարտերը վերսկսան: Կռուի դաշտ իջան Բորչալուէն Թիֆլիս մտած հարիւրաւոր հրոսակներ:

Թաթարներ, քանի մը անգամ «Եա՜ Ալի»  գոռալով գրոհ տուին հայկական դիրքերուն վրայ, եւ ամէն անգամ ալ տասնեակներով սպաննուածներ տալով ետ մղուեցան:

Բոթանիքական այգիի բարձունքը հայ մարտական ուժերուն ձեռքն էր եւ հոնկէ գնդակները ուժգին կը տեղային թաթարներուն վրայ:

Թաթարներ գիշերուան մութէն օգտուելով փորձեցին թափանցել հայկական թաղերը եւ հրդեհ յառաջացնել, բայց չյաջողեցան:

Թաթարներ անկարող ընկճելու հայոց դիմադրութիւնը, սպիտակ դրօշակներ պարզեցին եւ հրացանաձգութիւնը դադրեցուցին:

Նոյեմբեր 30-ին ռուսական բանակային ուժեր փողոց իջան եւ ամէն կողմ ազդարարեցին, որ կռիւը այլեւս արգիլուած է:

Թիֆլիսի ընդհարումներուն թաթարները տուին շուրջ հինգ հարիւր սպաննուած եւ վիրաւոր: Հայերը տուին ութ զոհ եւ վաթսուն վիրաւոր: Նահատակներուն մէջ էր Խնուսցի Մուշեղ, որ ինկաւ Խարփուղի թաղին վրայ գրոհի ժամանակ:

* * *

Արցախի մէջ հայ-թաթարական կռիւները վերսկսան 1906 յունուարին:

Թաթարներ, հայերը ընկճելու համար, համաձայնած էին Շահսաւան թափառաշրջիկ վրանաբնակ ցեղին հետ, որպէսզի միացեալ ուժերով նուաճեն եւ աւարի տան հայկական գիւղերը:

Շահսաւանները թրքական ցեղ են, որոնք առաւելաբար Ատրպատականի մէջ կեդրոնացած էին եւ ազատօրէն կ՛երթեւեկէին պարսկական եւ ռուսական սահմաններէն:

Շահսաւաններ 1905 նոյեմբերին հարիւրաւոր կռուողներով մտած էին Ջիվանշիրի դաշտավայրը: Հոն կեդրոնացան նաեւ թափառաշրջիկ այլ ցեղեր:

Քոչուորները սկսան յարձակումներ կազմակերպել Վանք, Առաջաձոր, Կուսապատ, Թալիշ, Վերին Չայլու եւ Մարաղա գիւղերուն վրայ: Հայերուն համար վտանգաւոր կացութիւն ստեղծուեցաւ:

Շուշիի զինուորական մարմինը, տեսնելով որ իշխանութիւնները չեն զսպեր թաթարները, որոշեց շրջափակման մէջ առնել քաղաքին թաթարական թաղամասը եւ սովամահութեան սպառնալիքով ստիպել թաթար պարագլուխներուն` դադրեցնել հայկական գիւղերուն վրայ յարձակումները:

Հայկական մարտական ուժերը 1905 դեկտեմբեր 5-ին գրաւած էին Ասկերանի կիրճէն տեղափոխուող թաթարներու տասնվեց ֆուրգոն պաշարը: Մէկ շաբաթ յետոյ տասնչորս ֆուրգոնը ազատ ձգած էին, Աղտամի մէջ գերեվարուած 90 հայերը ազատ ձգելու դիմաց: Դեկտեմբեր 26-ին հայեր կրկին թաթարներէն 54 ֆուրգոն պաշար գրաւած էին:

Ռուսական իշխանութիւնները եւ թաթար հրոսակախումբերը 1906-ի յունուարի սկիզբը որոշեցին զէնքի ուժով բանալ Շուշի տանող ճանապարհները:

Շուշիի թաթարները հեռագիր հեռագիրի ետեւէ կ՛ուղարկէին Պաքու եւ Թիֆլիս, փոխարքային եւ քաղաքային ու զինուորական իշխանութիւններուն, Ասկերանը բանալու համար:

Ռուս բանակային ուժեր եւ թաթար հրոսակներ 3 յունուար 1906-ին ռմբակոծեցին Ասկերանը եւ հայկական յարակից գիւղերը եւ բացին Շուշի տանող ճանապարհները:

Գանձակ

Ստեղծուած կացութեան առջեւ Համազասպ Գանձակէն փութով վերադարձաւ Արցախ եւ վերստանձնեց Խաչենի, ինչպէս նաեւ Ջիվանշիրի ինքնապաշտպանական ուժերու հրամանատարութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2024
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ