Խօսելով «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին` «Իրան կը զօրակցի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն դէմ է սահմաններու փոփոխութեան» կ՛ըսէ Քանի

Իրանեան կողմը կը զօրակցի հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման, սակայն շրջանային սահմաններու փոփոխութիւններ պիտի չընդունի: Այս մասին «Սի.Էն.Էն.Թիւրք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Ալի Պաքերի Քանին` պատասխանելով այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին հարցումին` հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ծիրին մէջ:

«Իրանեան կողմը կը պաշտպանէ բոլոր նախաձեռնութիւնները, որոնք պիտի օգնեն շրջանի զարգացման, մասնաւորաբար` հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման: Սակայն Թեհրանը դէմ է որեւէ նախագիծի եւ նախաձեռնութեան, որ պիտի փոխէ շրջանի ժողովրդագրութիւնը եւ սահմանները», ընդգծած է Քանի:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2024
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ