ՍԱԼԲԻ ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ
«Արցախահայութեան իր բնօրրանէն բռնի տեղահանումը
ցեղասպանութիւն է… ո՛չ մեծ զոհերով ցեղասպանութիւն …»
«Մնա՛ս բարով գեղեցիկ Արցախ…»
«Մնա՛ս բարով գեղեցիկ Ստեփանակերտ…»
ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ

Թուրք յառաջապահ մտաւորական, ազատախոհ հրապարակագիր, հանրայայտ իրաւապաշտպան, «ՊԵԼԿԷ» հրատարակչատան հիմնադիր սեփականատէր, Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած եւ առնչակից բազմաթիւ գիրքերու հրատարակիչ Ռակըպ Զարաքօլու այս անգամ կը պատասխանէ մեր զոյգ հարցումներուն ոչ միայն յուզիչ, այլ նաեւ` իրապաշտ մեկնաբանութիւններով անդրադառնալով արցախահայութեան իր բնօրրանէն բռնի տեղահանութեան անորակելի ոճիրին:
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Որեւէ նմանութիւն կը գտնէ՞ք 2023-ին տեղի ունեցած Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան հաւաքական բռնի տեղահանման եւ աւելի առաջ տեղի ունեցած 1921-ին Կիլիկիայէն եւ 1939-ին Ալեքսանտրեթի սանճաքէն հայերու տեղահանման միջեւ, զուգահեռաբար Լոզանի դաշնագիրի (1923) տրամադրութիւններուն համաձայն` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի բնակչութեանց ե՛ւս բռնի փոխանակման միջեւ:
ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ.- Բոլորովին վերջերս, յաջորդաբար երկու մարդկային ողբերգութիւններ տեղի ունեցան աշխարհագրականօրէն համեմատաբար իրարմէ ոչ շատ հեռու երկու տարածաշրջաններու մէջ: Լեռնային Ղարաբաղ/Արցախի եւ պաղեստինեան Կազայի միջեւ հեռաւորութիւնը շուրջ 1800 քմ է, ինքնաշարժով 24 ժամէն հասանելի հեռաւորութիւն մը: Երկու պարագաներուն ալ համաշխարհային հանրային կարծիքի աչքերուն առջեւ` ցեղային զտումներու նորագոյն արարքներով անգամ մը ե՛ւս ոտնահարուեցաւ «Ցեղասպանութեան միջազգային պայմանագիրը»:
Այստեղ խօսքը մասնաւորելով Արցախի մասին` պէտք է ըսել, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն է… ոչ մեծ զոհերով ցեղասպանութիւն … Արցախահայութեան իր պապենական բնօրրանէն բռնի տեղահանումը ցեղասպանութիւն է…
Ըստ ՄԱԿ-ի 1948 դեկտեմբերի համաժողովի` «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ համապատասխան պատիժ»-ի մասին պայմանագրին, հետեւեալ արարքներէն որեւէ մէկը, որ կատարուած է ազգային, ցեղային կամ կրօնական տուեալ խումբին ամբողջութեամբ կամ մասնակիօրէն ոչնչացնելու մտադրութեամբ, կը հանդիսանայ ցեղասպանութեան յանցագործութիւն, ըստ որուն, ցեղասպանութիւն է`
ա) խումբի անդամներու սպանութիւնը,
բ) Խումբի անդամներուն ֆիզիքական կամ հոգեկան լուրջ վնասներ պատճառելը,
գ) Դիտաւորեալ կերպով խումբի անդամներուն կենսապայմանները փոխելը` նպատակ ունենալով անոնց ֆիզիքական գոյութեան մասնակիօրէն կամ ամբողջական ոչնչացումը,
դ) Խումբին մէջ ծնունդները կանխելու նպատակով որոշ միջոցներու կիրարկումը,
ե) Նոյն խումբին պատկանող երեխաները բռնի կերպով այլ խումբ տեղափոխելը:
Ռազմական առումով, Ազրպէյճանի` արցախահայութեան հանդէպ կատարած գործողութեան իբրեւ հետեւանք` հազարամեակներէ ի վեր աշխարհագրական նոյն տարածքներուն վրայ ապրած եւ ստեղծագործած հնամեայ ժողովուրդ մը այսօր ստիպողաբար լքած է իր հայրենիքը: Նախքան այդ, ամբողջական շրջափակման պայմաններու դատապարտուած ըլլալով` դիմագրաւեց կենսամիջոցներու` սնունդի, ջուրի եւ վառելանիւթի զրկանքին: Այստեղ արժէ հարց տալ, թէ ի՞նչ պիտի պատահէր արցախահայութեան, եթէ չտեղահանուէին. կ՛ենթադրեմ, որ այն, ինչ կը կատարուի այսօր Պաղեստինցի ժողովուրդին հանդէպ, նոյնը պիտի վիճակուէր արցախահայութեան, որ խճողեց Հայաստան տանող ճամբան ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1915-ի նախճիրէն արեւմտահայութեան հրաշքով փրկուած բեկորները ինկած էին Տէր Զօրի անապատները տանող մահուան ճամբաներուն վրայ:
Կ՛ըսուի, որ «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, երբ դասեր չեն քաղուիր անկէ»:

Ըստ իս, ասոր համար պատասխանատու է նաե’ւ լռութիւն պահող համաշխարհային քաղաքական համակարգը: Միջազգային հանրային կարծիքի աչքերուն առջեւ Արցախի մէջ վերջերս պատահածը ասկէ առաջ ալ նմանօրինակ արարքներով ունի իր նախընթացները, ինչպէս 1921-ի Կիլիկիոյ հայութեան բռնագաղթը, 1923-ին Յունաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած Լոզանի պայմանագիրով միջազգային համակարգին մէջ կը հաստատուէր այսօրուան Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը, այդ պայմանագիրը նման էր ստրուկներու փոխանակման համաձայնագիրի, ըստ որուն, կրօնական ազդակի հիման վրայ Կրետէի եւ Եանինայի ի բնէ յունախօս թուրքերը Թուրքիա քշուեցան, իսկ Գոնիայի եւ այլ թրքական քաղաքներու թրքախօս յոյները Յունաստան բռնագաղթուեցան:
1939-ին, երբ Ֆրանսա Ալեքսանտրեթի սանճաքը իբրեւ կաշառք տուաւ Թուրքիոյ, տեղւոյն հայ բնակչութիւնը դարձեալ բռնագաղթի ենթարկուեցաւ: Համաշխարհային Բ. պատերազմի բռնկումով, սանճաքի հայութիւնը բռնեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի ճամբաները, բայց, ի՛նչ խօսք, որ կարճ ժամանակ ետք ֆրանսացիները, արցախահայութեան նման ինքնաշարժներու շարասիւններով հարաւի ճանապարհները պիտի իյնային:
2015-ին Երեւանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ հետեւած էի նաե’ւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի ունեցած ելոյթին, որ հայ ժողովուրդին ցաւակից ըլլալէ աւելի` քմահաճ եւ գոռոզ շեշտով ըսած է` «Դո՛ւք մեզի պարտական էք…»: Նաեւ այսօր նոյն տրամադրութիւններով հանդէս կու գայ Փութին, հետեւաբար այստեղ եւս արժէ հարց տալ, թէ «տարածաշրջանին մէջ տեղակայուած ռուսական, այսպէս կոչուած, խաղաղապահ ուժերը, ի՞նչ նպատակի կը ծառայեն…»: Հայաստան դարձեալ ստիպուած է ենթակայ մնալու Ռուսիոյ, բայց այս բոլորին մէջ արեւմտեան աշխարհը գէթ բարոյական որեւէ պատասխանատուութիւն չունի՞: Ինչպէս 1918-ին, այսօր եւս Հայաստան ենթակայ է փանթուրանական գաղափարախօսութեան եւ անոր հետապնդած քաղաքական նպատակներու սպառնալիքին: Հայաստանէն արտագաղթը լուրջ խնդիր է այսօր…
21-րդ դարու ցեղային մաքրագործումի գործողութիւններէն մէկը յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Ազրպէյճանի վարչապետ Իլհամ Ալիեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Իսրայէլի` Արցախը հայութենէն դատարկելու հարցով վերջինիս ցուցաբերած գործօն աջակցութեան համար: Կարճ միջոց մը ետք, իսլամական Համաս կազմակերպութեան Իսրայէլի դէմ ձեռնարկած իր յարձակումէն ետք, որուն ընթացքին թիրախ էր նաեւ երկրին խաղաղ բնակչութիւնը, վարչապետ Նաթանիահու պատերազմական դրութիւն յայտարարելով, չուշացաւ բուռն հակայարձակման անցնիլ` չտարբերելով պաղեստինցի խաղաղ բնակչութիւնը ժիհատական կազմակերպութենէն, որուն իբրեւ հետեւանք` ահա Կազան ալ տակաւ կը դատարկուի…
Առիթով մը, երբ ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնը կ՛այցելէի, ուշադրութիւնս գրաւած էին միջանցքներու դարաններուն մէջ խցկուած տեղեկագիրներու ստուարածաւալ հաւաքածոներ, որոնք նոյնիսկ առանց վերանայումի որոշ ժամանակ ետք աղբաման պիտի նետուէին:
ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով 16 օգոստոսին տուած իր որոշումով կ՛առաջադրէր Լաչինի միջանցքին բացումը` տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն փութացնելու նպատակով, սակայն արցախահայութեան իր պապենական բնօրրանէն բռնի տեղահանութեան հարցով ո՛չ մէկ որոշում տուաւ, նոյնիսկ հարցը քննարկման չարժանացաւ:
Եւ դեռ աւելի՛ն. ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը 1993-ին Լեռնային Ղարաբաղի հարցով չորս որոշում տուած էր. ըստ անոնց, Արցախը մաս կը կազմէր Ազրպէյճանի տարածքային սահմաններու ամբողջականութեան` հաշուի չառնելով կամ անտեսելով այն հանգամանքը, որ ինքնավար կարգավիճակ ունեցող Լեռնային Ղարաբաղը ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ հռչակած էր իր անկախութիւնը:

Արցախի բնակչութեան իր հայրենիքէն բռնի տեղահանումը չարժանացաւ համաշխարհային լրատուամիջոցներու ուշադրութեան, ճիշդ այնպէս, ինչպէս 1964-ին տեղի ունեցած էր Պոլսոյ յոյներուն Յունաստան բռնագաղթը` միջազգային հանրային կարծիքի բացակայութեամբ:
1917 թուականի փետրուարեան եւ հոկտեմբերեան յեղափոխութիւնները հնարաւոր դարձուցին, որ «ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ» հայերը, վրացիներն ու ազերիները իրենց հանրապետութիւնները հիմնեն Կովկասի մէջ, եւ այս ամուր հիման վրայ կարելի դարձաւ խորհրդային հանրապետութիւններու խաղաղ տարանջատումը: Կարելի է ըսել, որ այս հանգամանքը` որոշ առումով Մոսկուային կարելիութիւն ընձեռեց աւելի դիւրութեամբ վերահսկողութեան տակ պահել թէ՛ հայերը, թէ՛ ազրպէյճանցիները, ընդգծելով նաեւ, որ ընկերվարական մտայնութիւնը թոյլ կու տայ տարբեր ազգութիւններու խաղաղ համակեցութեան, ի տարբերութիւն ազգայնականութեան եւ կրօնականութեան դաւանած բոլորովին տարբեր ըմբռնումներուն:
Խորհրդային հանրապետութիւններու տարածքին գոյութիւն ունեցող ազգային ինքնութիւնները յաջողած էին իրենց ինքնավար տարածքները ունենալ. օրինակի համար, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կար փոքրիկ կարմիր Քիւրտիստան մը, եւս օրինակի համար, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմաններուն միջեւ Ազրպէյճանի ենթակայ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութիւնը, ինչպէս նաեւ` Ազրպէյճանի տարածքներուն մէջ, բնակչութեան ջախջախիչ մեծամասնութիւնը հայ եղող Արցախ-Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը, նոյն երեւոյթը գոյութիւն ունէր եւս Վրաստանի պարագային, խորհրդայինները Աբխազիոյ եւ Օսեթիայի ինքնավար շրջանները նուիրեցին Վրաստանին, վերջինս իրենց վերահսկողութեան տակ պահելու նպատակով: Վրաստանի սահմաններէն ներս գոյութիւն ունէր հայկական խիտ բնակչութեամբ տարածք մը, մայրաքաղաք Թիֆլիսի մէջ հայերը շօշափելի թուաքանակ եւ մշակութային պատկառելի աւանդ ունէին, սակայն հայերը հնարաւորութիւն չունեցան Վրաստանի տարածքին ինքնավար մարզ ունենալ, 1990-ականներու սկիզբը, Վրաստանի անկախացումէն ետք Ջաւախքի հայերը ինքնավարութիւն պահանջեցին, բայց այս պահանջն ալ նկատի չառնուեցաւ:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին հայրը` Խորհրդային Միութեան Կենտկոմի նախկին անդամ Հայտար Ալիեւ, Ազրպէյճանէն առաջ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան նախագահը եղած է:
Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցը սկիզբ առած էր Խորհրդային Միութեան վերջալոյսին, 1998-ին տեղի ունեցած Սումկայիթի եւ Գուգարքի ջարդերով:
Ազրպէյճանի ներքին պառակտումներու, յեղաշրջումերու եւ հակայեղաշրջումներու ոլորապտոյտին մէջ գործօն դեր ունեցած են Թուրքիայէն փչող փանթուրանական գաղափարախօսութեան քամիները: Արցախեան շարժումի առաջին փուլին Ազրպէյճանը պարտուեցաւ Հայաստանի հետ բռնկած պատերազմին մէջ:
Հայաստան այս տարածաշրջանը պահած էր Ազրպէյճանի հետ իբրեւ խաղաղութեան բանակցութիւններու գործօն, իսկ Թուրքիա ա՛յդ տարածքին վրայ բնակեցման ոչ մէկ քաղաքականութիւն իրականացուցած է` հակառակ իր գրաւած հիւսիսային Կիպրոսի պարագային:
Արցախ/Լեռնային Ղարաբաղ ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ թէեւ իր անկախութիւնը հռչակած էր, բայց ո՛չ մէկ երկիր, ներառեալ` Հայաստանը, պաշտօնապէս ճանչցաւ անոր անկախութիւնը, հակառակ Թուրքիոյ, որ ճանչցած էր Կիպրոսի թրքական հանրապետութիւնը:
Վա՜յ գեղեցիկ Արցախ, վա՜յ համայնավար յեղափոխական Ստեփան Շահումեանի անունը կրող, Լեռնային Ղարաբաղի գեղեցիկ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, որ այսօր կը կոչուիս Խանքենդի (խանին քաղաքը):
Մնա՛ս բարով գեղեցիկ Արցախ…
Մնա՛ս բարով գեղեցիկ Ստեփանակերտ…
16-11- 2023
Leave a Reply