Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Խաղաղութեան կեղծ օրակարգով կարելի չէ զսպել Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը»

«Երկրի հիւրասրահ» պատկերասփռուած յայտագիրը հիւրընկալեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:

Զրոյցին ընթացքին ան անդրադարձ կատարեց «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման` նշելով, որ Հայաստանը կը գտնուի այնպիսի վիճակի մը մէջ, որ այս շարժումը արդէն անխուսափելի էր:

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, որ անկարելի էր անտեսել հայրենիքը մաս առ մաս թշնամիին յանձնելու այս գործընթացը` նշելով, որ միեւնոյն ատեն միանգամայն բնական էր շարժման` Տաւուշէն ընթացք առնելու հանգամանքը, քանի որ Հայաստանի իշխանութիւնները` տեղի տալով Ազրպէյճանի ճնշումներուն, սահմանազատումն ու սահմանագծումը սկսան ինքնին Տաւուշի մարզէն, ուր կը գտնուին մեր ամէնէն ապահով դիրքերը:

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը անդրադարձաւ նաեւ աշխարհաքաղաքական սրող խնդիրներուն, որոնք պայմանաւորուած են շրջանին մէջ Թուրքիոյ դերի կտրուկ աճով, որուն իբրեւ հետեւանք կարելի է դիտարկել Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան հարցերուն մէջ Հայաստանի իշխանութիւններուն անհետեւողական ու խուսափողական քաղաքականութեան:

Խօսելով ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայ դիւանագիտութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին` Յակոբ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ դիւանագիտական աշխատանքը պէտք է ըլլայ աւելի համարձակ, որովհետեւ հակառակորդը միայն այդ լեզուն կը հասկնայ:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

June 2024
M T W T F S S
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930

Արխիւ