2,5 Ժամ տեւած հարցազրոյցի ընթացքին Ալիեւ գոյաբանական սպառնալիքներ հնչեցուցած է Հայաստանի հասցէին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

10 յունուար 2024-ին Պաքուի բռնակալ Իլհամ Ալիեւ 2,5 ժամ տեւողութեամբ մամուլի ասուլիս տուաւ ազրպէյճանցի լրագրողներուն եւ այդ ընթացքին ոչ միայն իր հերթական սուտերը օդը նետեց, այլ նաեւ սպառնաց նոյնինքն Հայաստանի գոյութեան: Ահա՛ 2020 եւ 2023 թուականներու արցախեան պատերազմներու ընթացքին ռազմական յաղթանակներով ոգեւորուած Ալիեւի չափազանց ամբարտաւան եւ ահազանգող  խօսքերու ուշագրաւ կէտերը:

Սկսինք անկէ, որ Ալիեւ յայտարարեց` «Այսօրուան Ազրպէյճանը, բառիս բուն իմաստով, աշխարհի ամենաուժեղ երկիրներէն մէկն է»: Սուտ է: Ըստ globalfirepower.com կայքին, 2024 թուականի դրութեամբ, Ազրպէյճանի զինուժը աշխարհի մէջ կը գրաւէ 59-րդ դիրքը: Ասիկա շատ հեռու է աշխարհի ամենաուժեղ երկիրներէն մէկը ըլլալէն: Եթէ 2020-ի արցախեան պատերազմի ժամանակ չըլլային թուրք հրամանատարներու կողմէ ազրպէյճանական զինուժի անմիջական վերահսկողութիւնը եւ Սուրիայէն բերուած վարձկան ահաբեկիչները, Ազրպէյճան չէր կրնար յաղթել Արցախին: Ալիեւ իր ասուլիսի ընթացքին խոստովանեցաւ, որ 2020-ի պատերազմին Ազրպէյճան վայելած է Թուրքիոյ ամբողջական աջակցութիւնը:

Ալիեւ արդարացուց Ազրպէյճանի կողմէ մարդկային իրաւունքներու լուրջ խախտումները, նոյնիսկ արցախահայութեան ցեղասպանութիւնը` ըսելով. «Ես բազմիցս ըսած եմ, որ միջազգային իրաւունքը չի գործեր: Այդ գործիքակազմերը կը կիրարկուին միայն աւելի թոյլ երկիրներու համար: Մեծ պետութիւնները կ՛անտեսեն զանոնք: Իրենց համար օրէնքը օրէնք չէ, միջազգային իրաւունքը օրէնք չէ: Նման պայմաններու մէջ այն երկիրները, որոնք  արդարութիւն կը պահանջեն, եւ արդարացիօրէն այդպէս է, պէտք է որ իրենք ապահովեն այդ արդարութիւնը»:

Ալիեւ խոստովանեցաւ այն դժուարութիւններուն մասին, որոնց բախած են Ազրպէյճանի զինուած ուժերը 2020-ի պատերազմին. «Եթէ պատերազմը շարունակուէր (10 նոյեմբեր 2020-էն ետք), շատ դժուար կ՛ըլլար ազատագրել Քելբաջարի եւ Լաչինի շրջանները, յատկապէս` ձմրան եղանակին: Այսուամենայնիւ, մենք այդ ալ կ՛ընէինք, բայց մեր կորուստները կրնային չափազանց մեծ ըլլալ, նոյնիսկ աւելին, քան 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին ինկածները: Մենք բոլորս այս մէկը լաւ գիտէինք, որովհետեւ նոյնիսկ հիմա ոեւէ մէկը, որ կ՛այցելէ այդ շրջանները, կրնայ տեսնել, թէ որքա՛ն դժուարանցանելի է այդ հողատարածքը: Սակայն, եթէ Հայաստան չստորագրէր անձնատուութեան աքթը, մենք պատերազմը պիտի շարունակէինք մինչեւ վերջ»:

Ալիեւի յաջորդ սուտը այն է, որ 2020-ի պատերազմէն ետք Հայաստան «ապօրինի զէնք, զինամթերք, ականներ եւ կենդանի ուժ կը տեղափոխէր Ղարաբաղ»: Նման բան երբեք տեղի չէ ունեցած: Ալիեւ այդ օգտագործած է իբրեւ պատրուակ` Արցախի վրայ յարձակելու համար:

Ազրպէյճանի նախագահը բացայայտեց, որ 19 սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի վրայ ազրպէյճանական յարձակումէն առաջ, «տեղւոյն հայերէն ոմանք կապուած են մեր ներկայացուցիչներուն հետ եւ առաջարկներ ըրած` շփումներու մասին, եւ մենք չենք մերժած»: Թշնամիին հետ գաղտնի կապ հաստատած ոեւէ հայ պէտք է դաւաճան նկատուի:

Այնուհետեւ Ալիեւ կարեւոր այլ խոստովանութիւն մը ըրաւ: Ան ըսաւ, որ 19 սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի վրայ յարձակման ժամանակ` «Եթէ անոնք (արցախահայերը) չյանձնուէին, կ՛ոչնչացուէին: Այլ տարբերակ չկար»: Ալիեւ այսպիսով կը հաստատէ, որ Արցախի ղեկավարներուն այլ ելք չէր մնացած, քան յանձնուիլը` 120 հազար արցախահայերու կեանքը փրկելու համար:

Ալիեւ հաստատեց, որ ծրագրած էր ձերբակալութիւնը Արցախի ղեկավարներու, որոնք այժմ կը գտնուին Պաքուի բանտը. «Մեր դիրքորոշումը անջատողականներու ղեկավարներու նկատմամբ մէկ էր` անոնց գերեվարումը: Անոնցմէ ոմանք փորձած են փախչիլ հոնկէ` Լաչինի ճամբով, միւսները գտնուած են Խանքենդիի մէջ (Ստեփանակերտ) եւ ուրիշ վայրեր: Մենք գիտէինք անոնց գտնուելու վայրերը»: Ան աւելցուց, որ` «Այդ խումբէն միայն երկու մարդ բացակայ է, անոնք Երեւան են»: Ալիեւ նկատի ունէր Ռոպերթ Քոչարեանը եւ Սերժ Սարգսեանը:

Ալիեւ բացայայտեց, որ անձամբ զգուշացուցած է Նիկոլ Փաշինեանը 19 սեպտեմբեր 2023-ին, Արցախի վրայ ազրպէյճանական մօտալուտ  յարձակումէ. «Ես թէ՛ Հայաստանի ղեկավարութեան, թէ՛ միջազգային դերակատարներուն ըսած եմ, որ կրնամ սեղմել կոճակը եւ կատարել այդ գործողութիւնը մէկ վայրկեանի մէջ, եւ իրենք ոչինչ կրնան ընել»:

Ալիեւը նաեւ իր զայրոյթը արտայայտեց Ֆրանսայի կողմէ Հայաստանի ցուցաբերուած աջակցութեան վերաբերեալ, դատապարտեց առաջինին գաղութային անցեալը եւ պնդեց, որ իբր թէ Փարիզ ցեղասպանութիւն իրականացուցած է 1,5 միլիոն ալճերիացիներու դէմ: Ան նաեւ ծաղրեց վերջերս Հայաստանի կողմէ ֆրանսական զրահափոխադրիչներու ձեռքբերումը` զանոնք անուանելով «թիթեղեայ տուփեր», որոնք «իրական սպառնալիք չեն մեզի համար»:

Ալիեւ նաեւ մերժեց Փաշինեանի վերջին նախաձեռնութիւնը` «Խաղաղութեան խաչմերուկը», որ կ՛ենթադրէ իրարու կապել Հայաստանը, Ազրպէյճանը, Թուրքիան, Վրաստանը եւ Իրանը: Ալիեւ ըսաւ, որ այս միայն PR արշաւ է, որ նպատակ ունի փոխարինել իր նախընտրած «Զանգեզուրի միջանցք»-ը: Անտեսելով Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը` Ալիեւ պնդեց, որ Հայաստան պէտք է թոյլ տայ ազրպէյճանական բեռներու անցման` Ազրպէյճանէն դէպի Նախիջեւան Մեղրիով` առանց որեւէ ստուգման կամ մաքսազերծման: Այլապէս, զգուշացուց Ալիեւ, Ազրպէյճան կը շարունակէ Հայաստանի շրջափակումը:

Ազրպէյճանի նախագահը յոխորտաց, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ բանակցուող «Խաղաղութեան պայմանագիր»-ին մէջ այլեւս որեւէ յիշատակում չկայ Ղարաբաղի մասին:

Ալիեւ մերժեց Փաշինեանի առաջարկը` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադարձ սահմանը 1975 թուականի խորհրդային քարտէսներու հիման վրայ որոշելու` նախընտրելով աւելի հին քարտէսներ, որոնք, ըստ անոր, շատ աւելի տարածքներ կու տան Ազրպէյճանի: Ան նաեւ յիշատակեց այն ծիծաղելի միտքը, որ «Իրեւանը» (Երեւանը) ազրպէյճանական հին քաղաք է: Ալիեւ նաեւ յայտարարեց, որ կան ազրպէյճանական ութ գիւղեր, որոնք կը գտնուին Հայաստանի տարածքին մէջ: Կարեւորը այն է, որ Ալիեւ յայտարարեց, թէ Ազրպէյճան դուրս պիտի չբերէ իր զինուժը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի այն հատուածներէն, զորս բռնագրաւած է մայիս 2021-էն մինչեւ սեպտեմբեր 2022: Ան առաջարկեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր կնքել հի՛մա` սահմանի որոշման հարցը ձգելով ապագային:

Բախելով Ալիեւի պէս ամբարտաւան եւ ռազմատենչ ղեկավարի` Փաշինեան պէտք է դադրի խաղաղութիւն մուրալէ, ինչ որ թուլութեան նշան է, եւ որ Ազրպէյճանին կու տայ կարելիութիւն` աւելի շատ զիջումներ պահանջելու Հայաստանէն: Հայաստանի գլխաւոր երկու առաջնահերթութիւնները պէտք է ըլլան ձեռնհաս ղեկավար եւ հզօր բանակ ունենալը, որպէսզի կարելի ըլլայ  իր երկու թշնամիներուն` Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ,  սպառնալիքները կանխել:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց` ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց` ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ