Արեւմտահայերէնով գիտելիքներու շտեմարան «Պուրակ» հարթակի մեկնարկ

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ 7-10 տարեկան երեխաներու համար արեւմտահայերէնով պատրաստուած գիտելիքներու եւ նիւթերու շտեմարան՝ «Պուրակ» հարթակի մեկնարկը:

«Պուրակ»-ը ծնունդ առաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքի հովանաւորութեամբ:

Ծրագիրին նպատակն է զարկ տալ արեւմտահայերէնի բառամթերքի ու լեզուամտածողութեան զարգացման եւ այլազանել արեւմտահայերէնով դասաւանդուող նիւթերու մատուցման եղանակները՝ առաւել եւս արմատացնելով արեւմտահայերէնի կենսունակութիւնը:

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի մանկավարժական սկզբունքներուն հիման վրայ, աշակերտները տարրական եւ նախակրթարան բաժիններու առաջին տարիներուն, հիմնական բոլոր նիւթերու դասաւանդութիւնները կը ստանան իրենց մայրենի լեզուով՝ հայերէնով: Հետեւաբար, այլազան կարողութիւններով օժտուած եւ ներկայ արհեստագիտացած առօրեային մէջ ապրող հայ երեխային համար նման ծրագիրի մը իրագործումը կը նպաստէ, որ լսատեսողական արդի եւ ժամանակակից միջոցներով պատրաստուած «Պուրակ»-ը երեխային ընծայէ արեւմտահայերէնով յաւելեալ ընդհանուր զարգացում: Ան կ՛ընդգրկէ հայ լեզուի, պատմութեան, աշխարհագրութեան, մշակոյթի, թուաբանութեան եւ գիտութեան ոլորտները:

«Պուրակ»-ը հարթակ մըն է, ուր գիտելիքներու եւ նիւթերու ներկայացումը կը կատարուի կարճ տեսերիզներու (short animated movies) եւ համապատասխան տպուող թերթիկներու (printable documents) միջոցով: «Պուրակ»-ի համար պատրաստուած տեսերիզները, աստիճանաբար բարդացող վարժութիւնները եւ օժանդակ թերթիկները կ’ապահովեն նիւթերու եւ յղացքներու լսատեսողական միջոցներով փոխանցումը եւ տրամաբանական զարգացումը, նպաստելով երեխային ընդհանուր զարգացման:

«Պուրակ»-ի աշխատակազմը կը բաղկանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի անձնակազմէն, Ճեմարանի տնօրէնութեան անմիջական հսկողութեամբ: Աշխատանքը բաժնուած է երկու գլխաւոր բաժիններու՝ մանկավարժական եւ «թեքնիք»: Իւրաքանչիւր բաժին ունի իր պատասխանատուն եւ համապատասխան աշխատակիցներու խմբակը:

«Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները մեծ խանդավառութեամբ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս ծրագիրին հաւատալով անոր նպատակին. աշխատանքի ընթացքին յաճախ ստացանք ստեղծագործ նոր առաջարկներ, յառաջիկային զանոնք կիրարկելու համար։

«Պուրակ»-ի բոլոր աշխատակիցները կը հաւատան, որ ուսուցիչներուն, աշակերտներուն կամ ծնողներուն համար, նմանօրինակ հարթակներ եւ այլազան գրաւիչ ու ստեղծագործ նորարարութիւններ անհրաժեշտութիւններ են հայ երեխաներուն համար դպրոցէն ներս, կամ ժամանցի պահուն ։

Այժմ կը յայտարարենք «Պուրակ»-ի մեկնարկը Bourag.com հասցէով: Տեսերիզներու եւ թերթիկներուն առաջին բաժինը արդէն իսկ զետեղուած է հարթակին վրայ. հարթակը կը սկսի 11 տեսերիզներով եւ 22 տպուող թերթիկներով: Հարթակը շաբաթական կը թարմացուի նորութիւններով՝ նոր տեսերիզներով եւ տպուող թերթիկներով: Կը յուսանք, որ կարելի ըլլայ «Պուրակ»-ը յարատեւ ճոխացնել նորանոր հատուածներով, բացատրութիւններով, տեսերիզներով եւ ստեղծագործ այլազան թղթածրարներով:

Վարձքը կատա’ր այսպիսի նախաձեռնութիւնները քաջալերողներուն եւ հովանաւորողներուն։ Իբրեւ հայ մանկավարժներ եւ մասնագէտներ, մեր առաքելութիւնն է վառ պահել հայերէն լեզուն ու զարկ տալ անոր զարգացման։

Տնօրէնութիւն

https://horizonweekly.ca/en/%d5%a1%d6%80%d5%a5%d6%82%d5%b4%d5%bf%d5%a1%d5%b0%d5%a1%d5%b5%d5%a5%d6%80%d5%a7%d5%b6%d5%b8%d5%be-%d5%a3%d5%ab%d5%bf%d5%a5%d5%ac%d5%ab%d6%84%d5%b6%d5%a5%d6%80%d5%b8%d6%82-%d5%b7%d5%bf%d5%a5%d5%b4%d5%a1/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ