Համբիկ Պիլալեան

Հրանդ Տինքը սպաննած Էօկիւն Սամսաթ
«Լաւ վարքի համար» ազատ արձակուած է:
«Ազդակ», 17-11-2023
Աւելի քան 16 տարի բանտարկուելէ ետք, թուրք ոճրային մտքին ու գործին ամբողջական սպասարկուն` Էօկիւն Սամսաթ, ազատ կ՛արձակուի, որովհետեւ ան իր բանտարկութեան տարիներուն՜ ցոյց տուած է այնպիսի «քաջալերական» վարք ու բարք, որով կրցած է նուաճել «ազնուասիրտ» դատաւորներուն սիրտն ու հոգին, եւ այս ձեւով` արժանանալ «պայմանական վաղաժամակէտ ազատ արձակման»:
Ճիշդ է, որ տարիներ շարունակ Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններ ու համակիր հսկայ զանգուած մը թիկունք էին այս դատական գործընթացին եւ ամէն քայլափոխի իրենց ներդրումը կը կատարէին յանուն արդարութեան եւ ծալքերու բացայայտումին, այդուհանդերձ, թրքութիւնը` խորունկ պետութիւնը, կը յաջողէր, արդարադատական գործընթացը իր հունէն շեղել, աղաւաղել, նենգափոխել` զայն տեղադրելով լոկ անձնական սպանութեան մը ծիրին մէջ, որպէսզի կարենար իր լրումին հասցնել Հրանդ Տինքի դատավարութիւնը, ընդմիշտ փակել այս էջը, թէկուզ արժանանալով միջազգային իրաւական կարգ մը շրջանակներու խոր ընդվզումին:
Իրօք, օրին, թուրք պետական համակարգի ամբողջ մտասեւեռումն էր եղած լռութեան մատնել արդարութեան ձայնը, որպէսզի ատով կարենար թաքուն պահել ու պաշտպանել Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող ընդյատակեայ ուժեր, ինչպէս` Գորշ գայլերու վոհմակը, Էրկենեքոն կոչուած վայրագ շարժումը եւ այլն:
Եւ ահա, վերջերս, լոյսին կու գար թուրք արդարադատական համակարգին մէկ լպիրշ երեսը` «բարի վարուց» վկայագիր մը տալով ոճրագործին, իբրեւ գնահատանք իր «սրբազան առաքելութեան», զոր կատարած էր տասնեօթ տարեկանին` սպաննելով հայազգի մտաւորական, խմբագիր եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Տինքը, Պոլսոյ «Ակօս»-ի խմբագրատան առջեւ, օր ցերեկով, ամբողջ մարդկութեան տժգոյն աչքերուն դիմաց:
Փաստօրէն, Գորշ գայլերու հետեւորդներ` Եասին Հայալ եւ Թունչելի, իրենց կարգին կը ձերբակալուէին, որովհետեւ մեղսակից էին ոճիրի գործադրութեան եւ մտայղացումին, աւելի՛ն. կը յոխորտային իրենց հայատեացութեամբ եւ քստմնելի ոճիրին թեւ ու թիկունք կանգնելու համարձակութեամբ:
Թէ ինչո՛ւ ամէն տարի կը յիշենք պոլսահայ եզակի այս դէմքը, պարզապէս որովհետեւ Հրանդ Տինք հանդիսացաւ այն խիզախ ու յանդուգն անձնաւորութիւնը, որ յաջողեցաւ լոյսին բերել Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացի պատկերը` ամբողջ թուրք հասարակութեան ներկայացնելով հայու ապրած դժոխքն ու գողգոթան: Ան` իբրեւ ազնուահոգի ու մեծ մարդասէր հայորդի մը, որբութեան դառնութիւնը իր մտքին ու հոգիին մէջ շալկած, կրցաւ Թուրքիոյ մէջ ստեղծել եզակի վիճակ մը, երբ առանց մտավախութեան սկսաւ հաղորդակցիլ թուրք, քիւրտ թէ այլազգի մարդոց հետ, բեմերէն եւ ամպիոններէն դասախօսեց հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան, մշակոյթին, երազին եւ իրաւունքին մասին:
Ան ոչ իսկ վայրկեան մը վարանեցաւ յայտնելու ճշմարտութիւնը` գիտակցելով իր կատարածի վեհութիւնը թէ դժուարութիւնը: Հրանդ Տինք կարողութիւնը ունեցաւ զգաստութեան հրաւիրել թուրք հսկայ զանգուած մը, զրուցել ու վիճիլ անոնց հետ` միշտ հաւատալով անկեղծ խօսքի ուժին, տարողութեան, բայց մանաւանդ` հայ-թուրք ժողովուրդներու բարի դրացնութեան, գոյացութեան:
Ըստ երեւոյթին, հայազգի խմբագիրին հայաշունչ մտածումները, պատմական իրաւունքի եւ յիշողութեան մասին սուր կեցուածքները, ձեւով մը`զազիր թրքութեան դիմակի բացայայտումը, դժուար ընկալելի եղան նոյնինքն թուրքին համար, որ առանց երկմտանքի որոշեց սպաննել զայն` «երախտիքի» վկայագիր մըն ալ յանձնելով ոճրագործին:
http://yerakouyn.com
Leave a Reply