Արհի․ Տ․ Լեւոն արք․ Զէքիեան այցելեց Անգարայի համայնքին

Արհի. Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հովուական այցելութիւնը Անգարայի համայնքին տեղի ունեցաւ 14 Յունուարին, մասնակցութեամբ Պոմոնթիի Մխիթարեան եւ Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարաններու աշակերտներուն։

Գերապայծառին կ’ընկերանար Ընդհանուր Փոխանորդը՝ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան։ Աշակերտութեան ընկերացան վարժարանի տնօրէն՝ Գարեգին Պարսամեան, Սամաթիայէն՝ Նետա Պարսամեան եւ Պոմոնթիի ուսուցիչներէն Սարօ եւ Միլենա։

Առաւօտեան, Անգարայի Սրբուհի Թերեզա Մանկան Յիսուսի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր սուրբ Պատարագ, որմէ ետք հաւատացեալները հաւաքուեցան դահլիճ, ուր սարքուեցաւ հիւրասիրութիւն մը։ Կէսօրէ ետք, Գերապայծառ Տիրոջ այցելեց տիկին Եըլտըզ Տեւեճի-Պոզգուրդ, որ հեղինակն է Osmanlı İmparatorluğunda Ermeniler: Osmanlı Türkçesi ile Eserler Yazan Ermeni Entelektüeller (1800-1923) գիրքին, որ լոյս տեսած է 2020-ին։

Երեկոյեան՝ Գերապայծառ Տէրը Իսթանպուլէն ժամանած աշակերտութեան հետ ընթրիքի նստաւ։ Ընթրիքէն ետք նախ հանդիպում մը ունեցաւ տեղւոյն երիտասարդներու խումբի մը հետ, ապա համայնքն ու աշակերտները անոնց միացան պանդոկին դահլիճներէն մէկուն մէջ։

Անգարայի մէջ նախատեսուած է նաեւ Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արք. Զէքիեանի հանդիպումը Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն՝ Սինան Ագսուի հետ եւ Թուրքիոյ մէջ Իտալիոյ դեսպան՝ Ճորճիօ Մարրափոդիի հետ։

https://www.normarmara.com/arsiv2024-1/160124lu.html

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ