Սուրիոյ մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին տեսանիւթ ցուցադրուած է

Սուրիոյ Հասաքէ նահանգի Միշերֆէ թաղամասին մէջ գտնուող Սերտեմի անուան շէնքին մէջ իրականացած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ձեռնարկ։

Ermenihaber.am-ի տեղեկութիւններով՝ ձեռնարկը կազմակերպուած է Սուրիոյ հայ համայնքի խորհուրդին եւ հայ կանանց միութեան կողմէ:

Ձեռնարկին մասնակցած են քաղաքացիական եւ հասարակական կազմակերպութիւններ, կանանց շարժումներ, քաղաքական կուսակցութեան ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հարիւրաւոր այլ մարդիկ:

Կազմակերպիչներէն Սուրիոյ հայ համայնքի խորհուրդի համանախագահ Իմատ Տէտէրեան իր ելոյթին մէջ նշած է.

«Մենք Հայոց Ցեղասպանութեան երեխաներն ենք, որոնք կը գտնուին Սուրիոյ հիւսիսային եւ արեւելեան տարածքներուն մէջ: Մենք կը փորձենք կենդանի պահել մեր այն մշակոյթը, որ թշնամին փորձած է ջնջել: թրքական պետութիւնը թող գիտնայ, որ մենք կանք եւ պիտի շարունակենք ըլլալ: Ոչ ոք կրնայ ոչնչացնել մեզ: Մենք ցաւով կը վերաբերինք թրքական պետութեան կողմէ մեր հողերուն հանդէպ իրականացուած յարձակումներուն: Սակայն, կը հավատանք ժողովուրդներու միասնականութեան եւ ունինք ամուր կապեր»:

Տէտէրեանի ելոյթէն ետք ցուցադրուած է հայերու հանդէպ իրականացուած ցեղասպանութեան մասին պատմող տեսանիւթ:

Ձեռնարկի ընթացքին նաեւ բեմադրուած է «Աղօթէ՛ մեզի համար» անունով ներկայացումը եւ պարով հանդէս եկած է «Արցախ» պարախումբը:

http://yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ