Կիրակնօրեայ Ս․ Պատարագ եւ սրբանկարներու օծում Սամաթիոյ մէջ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 14 յունուար 2024, կիրակի, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց կիրակնօրեայ Ս. Պատարագին։

Ս. Պատարագը մատոյց Հոգշ. Տ. Գասպար Աբղյ. Կարապետեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եկեղեցւոյ սարկաւագները, կիսասարկաւագները եւ դպիրներ։

Երգեցողութիւնները կատարուեցան Եկեղեցւոյ Սահակեան Դպրաց Դաս Երգչախումբի կողմէ, առաջնորդութեամբ՝ Սեւան Ակօշեանի:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, Պատրիարք Հայրը հանգամանօրէն անդրադարձաւ Տէր Յիսուս Քրիստոսի առաջին հրաշքին՝ Կանայի հարսանիքի ընթացքին ջուրը գինիի փոխելու դէպքի իմաստին։ Պատմեց նաեւ Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ, անոր աստուածաբանութիւնը եւ գրի առած Աւետարանը։

Քարոզէն ետք, ընտանեկան պարագաներու փափաքին համաձայն հոգեհանգստեան կարգով յիշատակուեցաւ Մայր Հռիփսիմէ Սրկ. Սասունեան։

Ապա Նորին Ամենապատուութիւնը Սրբալոյս Միւռոնով օծեց եկեղեցւոյ նորոգուած Խաչելութեան սրբանկարը, ինչպէս նաեւ նոր գծագրուած խաչելութեան եւ թաղման սրբանկարները։

Մեր Հոգեւոր Պետը թափորով առաջնորդուեցաւ խորհրդարան, ուր սարքուեցաւ թէյասեղան եւ կարկանդակով նշուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան գահակալութեան Դ. տարեդարձը։

Ս. Պատարագը ուղիղ եթերով տեսասփռուեցաւ համացանցի միջոցաւ ( https://www.facebook.com/TRHayBad/videos/693666465952452 ):

https://www.facebook.com/TRHayBad

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

January 2024
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
293031  

Արխիւ