ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Քեսապի տնտեսութեան պատմութեան արմատները կ՛երթան 20-րդ դարուն սկիզբը` Մեծ եղեռնին կատարուած տեղահանութենէն ետք, երբ քեսապահայութիւնը, ի գին մեծ ճիգերու, կրցաւ կառափնատէն մազապուրծ ազատած ու ցիրուցան դարձած ողջ մնացած զաւակները հաւաքել եւ վերակազմակերպել իր տնտեսական կեանքը: Անոնց ապրուստը հիմնականօրէն կախեալ էր գիւղատնտեսութենէն` երկրագործութենէն եւ խաշնարածութենէն:
Արհեստները հազիւ սկսած էին միս ու ոսկոր կապել (երկաթագործութիւն, ատաղձագործութիւն, զինագործութիւն եւ այլն):
Երկրագործութեան մարզին մէջ, պէտք է ըսել, որ պտղատու ծառերը սակաւ էին, որովհետեւ անոնք արդիւնաբեր դառնալու համար կը կարօտէին աւելի քան տասնեակ մը տարիի: Փոխարէնը քեսապցիները հասցուցին թթենիներու պուրակներ, որոնց տերեւը շատ կարեւոր էր շերեմաբուծութեան համար, որ քաջալերուած էր ֆրանսական եւ անգլիական գաղութատիրութեան իշխանութիւններուն կողմէ:
Քեսապի լեռնային բնութիւնը շատ ալ յարմարութիւն չէր ընծայեր հացահատիկներ մշակելու: Փոքրիկ դաշտերը անբաւարար էին իւրաքանչիւր ընտանիքի համար, ուստի գիւղացիք հացահատիկ կը մշակէին լեռներու ծերպերուն վրայ, ուր եթէ գտնուէր ժայռերուն մէջ ինկած փոքրիկ սենեակի մը չափ ու աւելի փոքր տարածութեամբ հողաշերտ մը, ափ մը ցորեն կը ցանէին, ու այդպէս ափ առ ափ կը յաջողէին կոտ մը հաւաքել:
Յաջորդ տասնամեակներուն ֆրանսական իշխանութիւնները քաջալերեցին ծխախոտի մշակումը, որուն առուծախի մենաշնորհը կը պատկանէր ֆրանսական «ռեժիին» (Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ):
Յաջորդ տասնամեակներուն զարգացաւ դափնիի մշակութիւնը, որուն իւղէն կարելի էր պատրաստել լաւորակ օճառ, որուն արտադրութեան համար ցայսօր կը գոյատեւեն օճառ պատրաստող քանի մը փոքր հաստատութիւններ: Այս մէկուն ջատագովը հանդիսացած էր Ազգային ուսումնասիրաց միացեալ վարժարանի երբեմնի տնօրէն ու բնագիտութեան թէ քիմիագիտութեան դասատու պրն. Յակոբ Ադիկեանը, որ շրջանաւարտ դարձած էր Ֆրանսայի Սորպոնի համալսարանէն:
Դափնիի իւղը իր յատուկ տեղը կը գրաւէ Ս. միւռոնի պատրաստութեան մէջ: Յաճախ այդ իւղէն կ՛առաքուի Լիբանան` Անթիլիաս: Կը յիշեմ, որ 1980-ականներուն 14 թիթեղեայ արկղեր (իւրաքանչիւրը 16 քիլոկրամ) առաքուեցան Հայաստան` Ս. Էջմիածին:
Աւելի ուշ` հաւանաբար 1930-ական թուականներուն, Քեսապ կը ժամանէ պրն. Մանուկ Չիպուքճեանը` իբրեւ Քեսապի նորանշանակ կառավարիչ «Մուտիր նահիէ» (ֆրանսական իշխանութիւններուն կողմէ նշանակուած): Ան Քեսապ կը բերէ խնձորի նոր տեսակ մը` Ֆրանսայէն, որ կ՛անուանուէր Espace-Pareile. քեսապցիք` իբրեւ երախտագիտութիւն, այդ տեսակ խնձորը կը կոչեն (հնչափոխութեամբ)` Չպխչեան: Նշեմ, որ սուրիացիք այս տեսակը կ՛անուանեն «նախշուն» (մուաշահ):
Յիսունական թուականներէն ետք խնձորի մշակութիւնը աւելի համատարած կը դառնայ, սակայն վերջին երկու տասնամեակներուն մանաւանդ, խնձորի մշակումը իր տեղը զիջեցաւ կորիզաւոր պտուղներուն, մանաւանդ դեղձի տեսակներուն, որովհետեւ երկրագունդի ջերմաստիճանի բարձրացումով խնձորի մշակումը վտանգուեցաւ, գլխաւորաբար ձմրան ցուրտի ժամերու նուազումով, որուն իբրեւ հետեւանք վարակներու տեսակները շատցան, եւ զանոնք չէզոքացնելը շատ դժուարացաւ:
***
Վերը նշեցինք արդէն, որ քեսապցիներուն տունդարձէն ետք զարկ տրուեցաւ նաեւ անասնաբուծութեան:
Կարճ ժամանակուան ընթացքին շատցան ոչխարներու, բայց մանաւանդ լեռնային սեւ այծերու հօտերը: Այս վերջինները` իբրեւ չարքաշ անասուններ, շուտով կ՛ընտելանային Քեսապի լեռնային բնութեան: (Ոչխարի բուծութիւնը` կաթնատուութեան քանակի իմաստով կախեալ է դաշտային արօտավայրերէն):
Բարեկեցիկ անհատներ իրենց հօտերը արածելու համար ընդհանրապէս որոշ համաձայնութեան մը կու գային այլոց հետ, որոնք այդ հօտերուն պահպանութեան, արածելու, բազմացնելու, մէկ խօսքով` շահարկելու բաժնեկից-գործընկեր կը դառնային:
Քեսապցիք այդ հօտերուն իսկական տէրերուն կու տային «պէրուն» (պարոն) մակդիրը:
Ընդգծեմ այստեղ, որ լեռնային առոյգ եւ ճարպիկ այծերը ընդհանրապէս կը յաջողէին բարձրադիր ժայռերուն ծերպերուն վրայ բուսած ծառերուն ամենաթարմ ու մատղաշ ոստերը լափել, այնպէս որ 1951-1960 թուականներուն Քեսապի լեռները լերկ դարձած էին` ո՛չ խոտ, ոչ ալ ծառ մնացած էր:
Կարծեմ 1952 թուականին Սուրիոյ այդ օրերու իշխանաւորը, ապա նախագահ զօր. Ատիպ Չիչէքլին, բացարձակ արգելք սահմանեց լեռնային այծերու բուծման առջեւ: Այնպէս որ քեսապցիք ձերբազատեցան այծերէն, մաքսանենգ ձեւով մասամբ զանոնք դէպի Թուրքիա առաքելով` աժան գիներով ծախելու:
Այստեղ մէջբերեմ, որ գտնուեցան ոմանք, որոնք մերժեցին Թուրքիա առաքել իրենց այծերու փոքրիկ հօտերը ու զանոնք մորթելով եւ ուտելով գործադրած եղան հրապարակուած վերոյիշեալ հրամանագիրը:
Այսօր Քեսապի լեռները պատուած են խիտ ու կանաչ թփուտներով, ուր ծածկուած են նախկին կածանները, մինչ թրքական իշխանութեան տակ գտնուող տարածքները համարեա լերկ են:
Աւելորդ պիտի չըլլայ արձանագրել, որ այծերուն գլխաւոր արօտավայրերը կը հանդիսանային Քեսապի Կասիոս լեռը (այժմ Արարատի նման բռնագրաւուած թրքական իշխանութիւններուն կողմէ) ու աւելի հարաւ գտնուող, աւելի ցածրադիր Սըլտըրան լեռը, անոնց լանջերն ու սարահարթերը: Ժողովուրդը շատ լաւ գիտէր, որ լեռներուն վրայ արածող այծերուն կաթն ու միսը աւելի համեղ կ՛ըլլային:
Քեսապի մէջ նախիր համարեա չկար: Ոմանք մէկ հատ կաթնտու կով կը պահէին, ու մէկ ալ` եզ մը, արտն ու դաշտը վարելու եւ հերկելու համար: Սակայն եզան հարկաւոր էր լծակից մը, որ ընդհանրապէս կ՛ըլլար աւանակը` էշը: Ոմանք ալ իբրեւ բեռնատար կը պահէին ջորին: Այդ օրերուն տակաւին կեանքը չէր մեքենայացած, ու այդ անասունները անհրաժեշտութիւն էին գիւղատնտեսութեան համար:
Քեսապցին իր անասուններէն հազիւ թէ տարին մէկ անգամ կը յանդգնէր մորթել մսացու անասուն մը, այդ ալ ընդհանրապէս կ՛ըլլար Ամանորի նախաշեմին, աւելի շատ` Ս. Ծնունդի նախորդող օրերուն:
Խթման գիշերը տանտիկինը անպայման պիտի պատրաստէր քէօֆթան` մածունով եփած, որուն կու տար «գլոր» անունը: Իսկ ձիթաիւղով տապկուած քէօֆթան «քաշք» կը կոչուէր, իսկ յոգնակին` «քիշքիր»:
Տարուան ընթացքին քէօֆթա պատրաստելու համար միսի փոխարէն կ՛օգտագործէին գետնախնձորը կամ ոսպը: Երկուքն ալ համեղ նոյնքան, որքան միսով քէօֆթան:
Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով զենուած անասունին միսին մեծագոյն մասը կ՛եփէր ու կը լեցուէր կաւեայ կուժերու մէջ, յաջորդ շաբաթներուն ու ամիսներուն օգտագործելու համար իբրեւ ղաւուրմա: Ոմանք կ՛օգտագործէին երշիկի ու ապուխտի պատրաստութեան համար:
Անցնող դարու 60-ական թէ 70-ական թուականներուն անասնաբուծութիւնը նուազեցաւ, իսկ յաջորդ տարիներուն համարեա՛ չքացաւ, թէեւ 2014-ին` Քեսապի 3-րդ տեղահանութենէն ետք, ոմանք ոչխարներու հօտեր պահելու սովորութեան վերադարձան:
***
Քեսապի գիւղերէն մէկուն բնակիչներէն մին` Հմայեակը, գնած էր քանի մը ամսուան կեանք ունեցող փոքր հորթուկ մը ու կը մտադրէր պարարտացնել զայն` Ս. Ծնունդի նախօրեակին զայն զենելու համար:
Հմայեակը արդէն հասած էր 80 տարիքի դրան սեմին: Այգիի ու պարտէզի գործերը ծանր էին իրեն համար: Ուստի անգործ ու անբան մնալու փոխարէն, իր առօրեայ զբաղումը դարձուցած էր հորթուկը:
Առաւօտուն կը տանէր զայն իր պարտէզը, ուր առատ խոտ կար: Յաճախ իր ձեռքով կը պոկէր խոտերուն փունջերը ու կը կերակրէր հորթուկը:
Սակայն եկուր տես որ անոր այդքան խնամելով հանդերձ, հորթուկը նիհար մնացած էր:
Հմայեակը անասնաբուծութենէն քիչ թէ շատ կը հասկնար, սակայն, ամէն միջոց օգտագործելով հանդերձ, հորթը չէր գիրնար, մինչեւ իսկ կրծքավանդակի ոսկորները ակնյայտ էին շէկ մորթին տակէն:
Սովորաբար Հմայեակն ու իր տարեկից գիւղացիները գիւղին նախկին վարժարանին մօտ կը հաւաքուէին ու քարաշէն նստարանին վրայ` քով քովի կը զրուցէին, իւրաքանչիւրը իր առօրեայէն:
Այդ օր խօսակցութեան նիւթը Հմայեակին հորթն էր: Գիւղացիք ալ նկատած էին, որ, հակառակ Հմայեակին թափած ճիգերուն, հորթը չէր գիրնար:
Գիւղացիներէն մին, որ ինքզինք աւելի հմուտ ու փորձառու անասնաբոյծ կը նկատէր, տուաւ հեղինակաւոր կարծիք մը:
– Այս հորթը աղիքներուն մէջ որդ ունի, ատոր համար է, որ չի գիրնար:
Հմայեակ լսեց, սակայն ըսելիք չգտաւ: Այդպէս բան չէր անցած գլուխէն: Ինք, որուն քով երբեմն կը բերէին ձեռքը-ոտքը կոտրած երեխաները, որոնց կը դարմանէր` երկու տախտակով ամրացնելով վնասուած անդամը, կամ տեղէն ելած ոտքը կը յաջողէր տեղը վերատեղաւորել, սակայն աղիքներուն մէջ որդ ինկած մարդ թէ անասուն բուժելու մասին բան չէր գիտեր:
Մտմտուքի մէջ ինկաւ, ի՞նչ ընէր: Այդ իրիկուն իր ընկերները գտած էին բուժման հրաշքանման միջոցը:
– Այդ հորթին պէտք է պենզին խմցնել: Պենզինը ամէն որդերը թափել կու տայ: Մէկ սուրճի գաւաթ պենզին բաւարար էր:
Հմայեակին մտատանջութիւնը վերջ գտաւ: Տեղէ մը պենզին ճարելուն պէս, մէկ փոքր գաւաթ պենզին հորթին որկորին մէջ տեղաւորելը շատ դիւրին պիտի ըլլար:
Յաջորդ օր մօտակայ գիւղէն գտան օղիի փոքր սրուակ մը պենզին:
Իրիկուան ժամադրավայրը, սովորական պահէն առաջ ժամանած էր Հմայեակ` հորթին ընկերակցութեամբ:
Քիչ անց հաւաքուեցան ամէնքը: Բացակայ չկար: Իսկոյն անցան գործի: Երկու հոգի հորթը պինդ բռնեցին գլուխէն: Մէկը անցաւ հորթին ետեւը` զայն զսպելու համար: Չորրորդը հորթին գլուխը վեր բարձրացուց` վիզէն բռնած: Իսկ Հմայեակ վերցուց սրուակը ու ամբողջութեամբ պարպեց հորթին կոկորդն ի վար:
– Ի՞նչ ըրիր,- ըսաւ դարմանին «գիւտարարը»,- ես քեզի ըսի սուրճի գաւաթ մը. շի՞շ մը, շի՞շ մը:
Հմայեակին մտատանջութեան թեման փոխուեցաւ: Ի՞նչ պիտի ըլլար իր հորթը:
Հմայեակին ընկերները անհամբեր էին: Յաջորդ օրը ամէնքը շտապեցին Հմայեակին տունը` տեսնելու հորթին դարմանումի գործընթացին արդիւնքը:
Յանկարծ բացուեցաւ Հմայեակին տան ախոռին դուռը, ու շեմին երեւցաւ Հմայեակին բարտիի նման հասակը, եւ փոխանակ խոտի կողովին, ան երկու ձեռքերուն մէջ վեր բռնած էր սատկած հորթը:
Սիրելի՛ ընթերցող,
Հիմա ըսէ, Ս. Ծնունդը առանց հորթի միսով շինուած քէօֆթայի, ինչպէ՛ս պիտի դիմաւորէր Հմայեակը:
28 դեկտեմբեր 2023, Քեսապ
Leave a Reply