
Ա. Մ.
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, թրքական սալի ու ռուսական մուրճի հարուածներուն տակ, պարտուած դուրս ելաւ Թուրքիոյ դէմ պատերազմէն եւ 2 դեկտեմբեր 1920-ին իշխանութիւնը յանձնեց պոլշեւիկներուն:
Համայնավար վարչակարգի հաստատումէն ետք ծայր առին հալածանքներ, զանգուածային ձերբակալութիւններն ու սպանութիւնները:
Համատարած հալածանքներու եւ մահաբոյր մթնոլորտի պայմաններուն տակ ժողովրդային տարերային ապաստամբութիւնը սկսաւ 13 փետրուար 1921-ին: Առաջին անգամ զէնք բարձրացուցին Արագածի փէշերուն վերաբնակեցուած սասունցիները: Կռիւները հետզհետէ սաստկացան եւ տարածուեցան տարբեր շրջաններ:
Ապստամբներ իրենց հակակշիռին տակ անցած շրջաններէն պոլշեւիկները հեռացուցին եւ նախկին խմբապետներու գլխաւորութեամբ ձեռք առին իշխանութիւնը:
Փետրուար 18-ին, Կուռօ Թարխանեանի եւ Բաշգառնեցի Մարտիրոսի գլխաւորութեամբ, ապստամբները մտան Երեւան: Ստեղծուեցաւ Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէ` նախկին վարչապետ Սիմոն Վրացեանի գլխաւորութեամբ:
Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէն Հայաստանի մէջ պոլշեւիկեան իշխանութիւնը վերացած հռչակեց` յայտնելով, որ մինչեւ կառավարութեան կազմութիւնը ամբողջ իշխանութիւնը իր ձեռքը կը գտնուի:
Մինչեւ իրենց հեռացումը պոլշեւիկներ մէկ գիշերուան մէջ Երեւանի բանտին մէջ կացինահարեցին գրեթէ բոլոր բանտարկեալները: Սպաննուածներուն մէջ էին Համազասպ Սրուանձտեան, գնդապետ Ղորղանեան, ռազմական գործիչներ, ֆետայիներ եւ նախկին պաշտօնեաներ:
Ապստամբութեան շնորհիւ բանտերէն ազատեցան պետական գործիչներ, հոգեւորականներ եւ սպաներ:
Պոլշեւիկեան կուսակցութեան ղեկավար մարմիններ իրենց հաւատարիմ բանակային ուժերով Երեւանէն հեռացան եւ Ղամարլուի ու Վեդի Բասարի շրջաններուն մէջ կեդրոնացան:
Պոլշեւիկներուն ձեռքը կը մնար գլխաւորաբար երկրի հիւսիս-արեւելեան գօտին` Համամլու, Ղարաքիլիսէ, Դիլիջան եւ Շամշադին:
Ռազմական գործողութիւնները` ապստամբներուն եւ պոլշեւիկեան ուժերուն միջեւ, կ՛ընթանային փոփոխակի յաջողութիւններով:
Ռուսական 11-րդ բանակի Երեւանի ուղղութեամբ շղթայազերծած ռազմական գործողութիւններէն ետք ուժերու յարաբերակցութիւնը փոխուեցաւ ի վնաս ապստամբներուն:
Ռուսական 11-րդ բանակի ռազմական խորհուրդի անդամ Գէորգի Օրջոնիկիձէ Մարտ 20-ին վերջնագիր ներկայացուց Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէին:
Ապստամբներ` նկատի առնելով ուժերու յարաբերակցութիւնը եւ անհաւասարութիւնը, եւ նորանոր զոհերէ խուսափելու համար նահանջեցին դէպի Զանգեզուր:
Կարմիր բանակը 2 ապրիլ 1921-ին մտաւ Երեւան: Համայնավար վարչակարգը վերականգնեցաւ եւ Յեղկոմի ղեկավար նշանակուեցաւ Ալեքսանդր Միասնիկեան:
Leave a Reply