15 հայ զոհ՝ Թուրքիոյ երկրաշարժին հետեւանքով

Փետրուար 6-ին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին հետեւանքով զոհուած հայերուն թիւը կը շարունակէ աճիլ։ Այս պահուն անոնց թիւը կը հասնի 15-ի։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱԿՕՍ»-ը։

Իսքենտերուն քաղաքին մէջ Արմիկ, Մեսրոպ եւ Թագուն Պալըքեանները նոյնպէս մահացած են՝ մնալով փլատակներուն տակ։ Նոյն շրջանէն մահացած է նաեւ Պայծառ Սիլահլըն։

Տիգրանակերտցի երաժիշտ Զիլան Տիգրիսն ու ամուսինը՝ Չաղտաշ Չանկայեանը, եւս մահացած են։ Շրջագայութեան նպատակով Ատըյեաման քաղաք մեկնած Եոհաննա Քարոլինան եւս զոհ դարձած է երկրաշարժին։ Անոր թաղման արարողութիւնը պիտի կատարուի Երեքշաբթի, հայկական Սուրբ Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։

Մալաթիոյ մէջ, երկրաշարժին առաջին իսկ օրը, մահացած էր երեք հայ։ Մահացած են նաեւ Սամի Թապաշն ու Այտա Թապաշը, իսկ անոնց որդիներէն մէկը՝ Ալեքս Թապաշը, մահացած է հիւանդանոցին մէջ։ Անոնք յուղարկաւորուած են Մալաթիոյ հայկական գերեզմանատան մէջ։ Մալաթիոյ փլատակներէն գտնուած է նաեւ երկրորդ երկրաշարժին հետեւանքով մահացած Մարիամ Քարաթաշի դին։

Անթաքիոյ մէջ հայ քաղաքացիներէն մահացած էր Անթուան Հորոզը։

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ