Թուրքիան Հայաստանի հետ խաղաղութիւն չ՝ուզեր, Թուրքիան կ՝ուզէ տիրել Հայաստանին

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու միութեան համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեանը «Հայ կեդրոնի ձայն» հաղորդման ժամանակ անդրադարձած է CCAF-ի գործունէութեան, իր հեղինակած՝ «էրտողանի ռեժիմը. սպառնալիք Ֆրանսային» աշխատութեան, դաշնակցականներու մուտքը Հայաստան արգելքին, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն եւ այլ հարցերու:

Խօսելով Դաշնակցութեան այսօրուան մարտահրաւէրներուն մասին՝ Մուրատ Փափազեան ըսած է,- «Պայքարը պէտք է շարունակել: Թէ Հայաստանի, թէ Սփիւռքի մէջ պէտք միաւորուին բոլոր առողջ ուժերը, որպէսզի փրկենք հայրենիքը, որպէսզի փրկենք Արցախը: Մենք չենք կրնար երեւակայել, որ աշխարհի վրայ ըլլայ հայ մը, որ համաձայն է, որ Արցախը ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ: Արդեօք աշխարհի վրայ Փաշինեանէն զատ կա՞յ ուրիշ հայ մը, որ համաձայն է ատոր»:

Մանրամասնութիւնները՝ տեսանիւթով

Yerakouyn.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

February 2023
M T W T F S S
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728  

Արխիւ