Օնթարիոյի խորհրդարանը մայիս ամիսը հռչակեց «Հայկական ժառանգութեան ամիս»

«Հորիզոն».-  29 Մարտ 2022-ին, Օնթարիոյի Օրէնսդիր Ժողովը միաձայնութեամբ մայիս ամիսը հռչակեց  «Հայկական ժառանգութեան ամիս»:

105-րդ Օրինագիծը, որ իւրաքանչիւր տարուան Մայիս ամիսը պիտի ճանչնայ  որպէս «Հայկական Ժառանգութեան Ամիս», ներկայացուեցաւ  Գանատայի Օնթարիօ Նահանգի Խորհրդարանի հայազգի անդամ Արիս Պապիկեանի կողմէ:

105-րդ Օրինագիծը հետեւեալ դրոյթը կը ներկայացնէ.-

«Օնթարիօ նահանգին մէջ կ’ապրին աւելի քան 100,000 հայեր: Հայերու գաղթը դէպի Գանատա սկիզբ առած է 1800 թուականէն ի վեր: Օնթարիօ հաստատուած առաջին հայը եղած է Կարապետ Ներկարեանը, որ 1887 թուին հաստատուած է Փորդ Հոբ քաղաքին մէջ: Աւելի ուշ, 1892-ին, Նահանգի հայութեան թիւը հասած է 37-ի, իսկ 1895-ին՝ 100-ի:

1890-ականներու կէսերուն,  համիտեան ջարդերէն ետք, հայ ընտանիքները սկսած են աւելի մեծ թիւով բնակութիւն հաստատել Օնթարիոյի մէջ: Իսկ 1915 թուականին, Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, մօտաւորապէս 2000 հայեր, մեծամասնութեամբ կանայք և փոքրեր,  Գանատա հաստատուած են որպէս փախստականներ: 1920-ականներու սկզբնաւորութեան, աւելի քան 100 որբ հայ երեխաներ (Ճորճթաունի Տղաք) ապաստանած են Օնթարիօ Նահանգին մէջ՝ Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութեան ջանքերով:  Գանատայի Հայ Օգնութեան Միութիւնը այն կազմակերպութիւնն էր, որ օգնութիւն կը  տրամադրէր հայ փախստականերուն: Այս մարդասիրական արաքը ապագային յայտնի դարձաւ որպէս «Գանատայի Ազնուական Փորձ»,  նկատուելով Գանատայի առաջին մարդասիրական գործունէութիւնը: 2010 թուականին, Ճորճթաունի ագարակը՝ այժմ Cedarvale Community Centre, դասուեցաւ պատմական եւ ժառանգութեան պահպանման կառոյց»:

Օրինագիծի երկրորդ բաժնին մէջ կը նշուի, որ Մայիս ամիսը հայ ժողովուրդին համար կարեւոր նշանակութիւն ունեցող ամիս է, որովհետեւ, 1918 թուականի Մայիս 28-ի  Հայաստանի Անկախութեան հռչակագիրը հայ ժողովուրդի ազատութեան, ժողովրդավարութեան և անկախութեան ձգտումներուն խորհրդանիշն է։

Օրինագիծը կը հաստատէ, որ Մայիս ամիսը հռչակելով Հայկական ժառանգութեան ամիս, Օնթարիոյի նահանգը կը ճանչնայ գանատահայերու նշանակալի ներդրումը նահանգի ընկերային, մշակութայի, կրթական, տնտեսական, քաղաքական ինչպէս նաեւ արուեստի, գիտութեան եւ գրականութեան բնագաւառներու զարգացման ծիրէն ներս:

Աւարտին, օրինագիծը կը նշէ, որ «Հայկական Ժառանգութեան Ամիս»ը հնարաւորութիւն պիտի տայ Օնթարիոցիներուն, ճանչնալու եւ արժեւորելու գանատահայերու ձեռքբերումները՝ յանուն ազատութեան, ժողովրդավարութեան, մարդկային իրաւանց ու օրէնքի գերակայութեան:

Horizon Weekly NewspaperHorizon Weekly Newspaper

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ