Մոնրթէալի քաղաքապետական խորհուրդը Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առնչութեամբ բանաձեւ ընդունեց

Մարտ 21-ին Մոնթրէալի քաղաքապետական խորհուրդը յատուկ նիստի ընթացքին յատուկ բանաձեւ ընդունեց՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առնչութեամբ, վերահաստատելով Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու դիրքորոշումը։ Բանաձեւը կը նշէ, որ 1915 թուականին Հայոց Ցեղասպանութիւնը 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Հորիզոն»-էն։

Նիստին մասնակցեցան Մոնթրէալի քաղաքապետ Վալերի Փլանթը, քաղաքապետական խորհուրդին մէջ ներկայացուած քաղաքական կուսակցութիւններն ու խմբաւորումները։ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով ներկայացուած յատուկ բանաձեւի քննարկման ընթացքին ելոյթ ունեցան քաղաքապետական խորհուրդի հայազգի անդամներ Վանա Նազարեանն ու Մարի Տէրոսը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ Էմիլի Թուլիէն, Էֆի Ճիանուն եւ Քրէկ Սովէն, որոնք նշեցին Մոնթրէալի քաղաքապետութեան կողմէ աւանդութիւն դարձած Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման կարեւորութիւնը։

Նշենք, որ Մոնթրէալի քաղաքապետութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման մասին առաջին բանաձեւը որդեգրած է 1997 թուականին։ Բանաձեւը ներկայացուցած է այդ օրերու Քաղաքապետական խորհուրդի գործադիր մարմնի ատենապետ՝ Նուշիկ Էլոյեանը։

Yerakouyn.com 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ