«Ազատութեան» ուխտի ալեհեր հսկան (Աւետիս Ահարոնեանի յիշատակին)

ՍԱԼԲԻ ՔԻՒՐՔՃԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ

Դէպի անմահութեան քայլ մը եւս կրնանք մօտենալ, երբ` հայ գրականութեան առաջ ծնրադիր, կը բանանք մատեանը հրաշափառ Մեսրոպի բանակին:

Յաճախ դարեր ու աւելի արձագանգով շողուն բառերը կամարներ հիւսեր են կեանքի ու փառքի, մարտիրոսացումի, խիզախութեան ու հառաչանքի, երախտագիտութեան ու տառապանքի, հնչեր են բարբառը հնամեայ հաւատքի, դարձեր շտեմարանը վեհ գաղափարի: Հայեացքներ, որոնք կառչած պահեր են փոթորկացած յոյզեր` ազատութեան բագինին գեղագրելու փառապանծ երազներ ու հայրենական կարօտ:

«Նրանց` որոնք խիզախ կեանքով դաժան մահը հեգնեցին, եւ հպարտ մահով մեր սեւ կեանքին փայլ տուին…»:

Ահաւասիկ ողջոյնի խօսք մը, որ իւրաքանչիւր հայու բաբախումին հետ կ’երիտասարդանայ, կը ծաղկի եւ իր ընձիւղներով կը նուաճէ հորիզոններ, որոնք կը բանան պատմութեան մշուշին մէջ ամենագեղեցիկ խանդն ու յարատեւութիւնը հրակէզ ուղիներու:

«Ճանապարհին» կը կանգնին Խայը, Հազրէն, Նարգիզը, Ջաւօն, Բաղդօն եւ մնացեալները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պատմութեան իր անդաստանով պատկերներ կը թոթովէ, կենդանութիւն կը սփռէ, տենչանք կը յուզէ, կեանք կը շողարձակէ եւ վերջալոյսի խամրումին մէջ արշալոյսի ծիլեր կը փայփայէ:

Գրագէտ մը, որ ծնունդով կոչուած է Աւետիս, սակայն դարձած «Հայ վշտի երգիչ», որ կը խարազանէ ժամանակաշրջանի ալքերուն սողոսկուած տառապանքները, որոնք կը կրծէին դիւահար հայութեան մաքառման ուժն ու լինելութիւնը, հայրենասիրական յորդորներով կը ջանայ միաւորել մոլութեան մշուշին յանձնուած գեղերը, եւ իբրեւ նպատակակէտ` երիտասարդութեան կը ջամբէ հոգեցունց ամպրոպը պայքարի ու յառաջացումի:

Մտաւորական մը, որ Արաքսի արագավազ հոսքին մէջ դիտել տուաւ վաղուան «արեան կանչը», «ցրտութեան» զուգահեռ` Մասիսի անդիմադրելի կախարդանքը, Կովկասեան ճակատի վրայ կազմակերպեց հայոց դիմադրութիւնը, ճաշակեց Մետեխի բանտին դառնութիւնները, Սեւրի մէջ ստորագրեց խաղաղութեան միջազգային դաշնագիրը, գրեց, բանախօսեց եւ օր մըն ալ կաթուածահար ինկաւ բազմութեան առաջ, բեմին վրայ` հայ ժողովուրդի ճակատագրական փրկութեան իր յորդորները պատգամած պահուն:

Աւետիս Ահարոնեանի գրիչը մեզի ծանօթացուց հայդուկային խումբերու սրարշաւ երթը` «Ուխտաւորը» միացաւ անոնց` «գաղտնիք մը պահելով թեւերուն տակ…»:

Շարքը երկար է նման պատկերներու, որոնք լեռներու, դաշտերու, հովիտներու ու գեղի զանազան անկիւններու կեանքի սպառ շշունջներն են` խոտերու տակ թաղուած ու գալարուող վկայութիւններու նման:

Աւելի՛ն, Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զինուորագրեալ մարտիկը խոնարհութեամբ, բծախնդրութեամբ ու յարգանքով կ’իրականացնէր իր երիցագոյն ընկերոջ` Քրիստափոր Միքայէլեանի փափաքը, առաքուած նամակներու յատակագիծին վրայ հիւսելու գեղարուեստի իր շարադրանքը, որ, պատմուածներու շղթայի վերածուելով, կը խեղդուէր արեան մէջ, կրակին ու կեանքի տառապակոծ փաթիլներուն:

«Խաւարը` խեղդող, դաշտերը` մռայլ, լեռները` համր» հեծեծանքներուն մէջ, Ահարոնեան կը նկարագրէ հայրենի հարուստ բնութիւնը` խրախուսելով, որ պայծառ արեգակը շուտով պիտի ընդգրկէ վաղուան բոլոր նպատակներու ու ծրագիրներու իրագործումը:

«Դէ՜հ, շարժուիր ու վեր կաց, ցնցիր ու թափ տուր այդ հողակոյտը, կանգնիր մրրկոտ հովերի առաջ, որ մռնչում են մեր աշխարհի գլխին… զարթի՛ր, զարթի՛ր ու վե՛ր կաց»…

10 մարտ 2022
Այնճար

https://www.aztagdaily.com/archives/540680 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ