«Արեւմուտքը մեզմէ կը խնդրէ Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան կապը պահպանել» կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն յայտնեց. «Թուրքիոյ արեւմուտքցի զրուցակիցները մեզմէ կը խնդրեն Ռուսիոյ հետ հաղորդակցութեան կապը բաց պահել եւ այդ ուղղութեամբ հաղորդակցութեան կամուրջները չքանդել»:

«Թուրքիան Արեւմուտքին համար կը նկատուի կարեւոր դաշնակից մը, որուն դժուար ժամանակներու մէջ կը դիմուի օժանդակութեան, աջակցութեան եւ հաղորդակցութեան համար», ըսաւ Քալըն:

«Թուրքիան Արեւմուտքին կ՛ըսէ, որ Ռուսիոյ վարմունքը չ՛ընդունիր, սակայն մտադիր չէ անոր հետ հաղորդակցութեան կամուրջները քանդել», յայտնեց Թուրքիոյ նախագահի խորհրդականը եւ Ուքրանիոյ մէջ արձանագրուող դէպքերուն նկատմամբ յոռետեսական տեսակէտներ արտայայտեց` նշելով, որ այդ դէպքերը «յոյսեր շատ չեն յառաջացներ»:

«Նոյնիսկ եթէ երկու երկիրներուն միջեւ զինադադար հաստատուի, ապա տարակարծութիւնը այս կէտին հասցուցած գործօնները յառաջիկայ տասնամեակներուն օրակարգի վրայ պիտի ըլլան», նշեց Քալըն:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու նշեց, որ իր երկիրը մտադիր չէ մասնակցիլ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն` աւելցնելով, որ Թուրքիան Մոսկուային կոչ ուղղած է Սեւծովեան նաւատորմիղին մէջ չարձանագրուած մարտանաւերուն Վոսփորի եւ Տարտանելի նեղուցներէն անցնելու արտօնութեան դիմումը յետս կոչելու, եւ ռուսական կառավարութիւնը ընդունած է:

Ան աւելցուց, որ Թուրքիան պիտի կիրարկէ Մոնթրէոյի հռչակագիրի 19-րդ յօդուածը Տարտանելի եւ Վոսփորի նեղուցներէն մարտանաւերու անցման մասին. ատոր մասին պաշտօնապէս յայտնուած է Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ:

https://www.aztagdaily.com/archives/539724 

 

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2022
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ