Քոլորատոյի մէջ ապրիլը «Ցեղասպանութեան իրազեկման ամիս» կը հռչակուի

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քոլորատօ նահանգի նահանգապետ Ճերըտ Փոլիս ստորագրեց հռչակագիր մը՝ այս տարուան ապրիլ ամիսը յայտարարելով «Ցեղասպանութեան իրազեկման ամիս»:

Հռչակագիրին մէջ, այլ ցեղասպանութիւններու կողքին, նշուած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ հոն կ՛ընդգծուի ցեղասպանութեանց մասին դասաւանդումներու կարեւորութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղուի ոճրագործներուն, որոնք մինչ այժմ կը հերքեն մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները, ընդունելու պատմական իրականութիւնները:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու 50 նահանգներէն 49ը արդէն իսկ կը ճանչնան Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Միակ նահանգը, որ ցարդ չէ ճանչցած Հայոց Ցեղասպանութիւնը Միսիսիփին է:

http://asbarez.com/arm/342091/  

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

April 2019
M T W T F S S
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930  

Արխիւ