Էրտողան. «Ասատ ահաբեկիչ է, Սուրիան քանդեց, եւ կարելի չէ զինք լուծումին մասնակից դարձնել»


Թուրքիոյ
նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Թունուզ այցելութեան ընթացքին իր թունուզցի պաշտօնակիցին հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ «Թուրքիան միշտ կը կանգնի Թունուզի կողքին, եւ կրնանք բոլոր բնագաւառներուն մէջ Թունուզի հետ մեր յարաբերութիւնները ընդլայնել»` աւելցնելով, որ Թունուզի կեցուածքները չեն տարբերիր Թուրքիոյ կեցուածքներէն, «եւ մենք կը զօրակցինք ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու անոր ջանքերուն»: «Մենք կը ջանանք պահպանել Թունուզի մէջ կայունութիւնն ու զարգացումը», ըսաւ ան:

Անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը Երուսաղէմ փոխադրելու որոշումին` Թուրքիոյ նախագահը յայտնեց, որ ատիկա «անօրինական որոշում մըն: Երուսաղէմը մեզի համար կարմիր գիծ է, ինչպէս նաեւ կը շարունակենք Միջին Արեւելքի մէջ խաղաղութեան հոլովոյթին մեր աջակցութիւնը»:

Խօսելով Սուրիոյ տագնապին մասին` Էրտողան ըսաւ. «Չենք ընդունիր Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ներկայութեամբ Սուրիոյ տագնապի լուծում մը: Ասատ չի կրնար Սուրիոյ լուծումին մաս կազմել»:

«Ասատ Սուրիան քանդեց, եւ պէտք է խաղէն հեռանայ», յայտարարեց Էրտողան` նշելով. «Ասատ պետական ահաբեկչութիւն գործեց, ան ահաբեկիչ մըն է եւ կարելի չէ զինք լուծումին մասնակից դարձնել, որովհետեւ զոհերն ու անոնց հարազատները անիրաւած կ՛ըլլանք, եթէ Ասատը ընդունինք իբրեւ Սուրիոյ իշխող»:

http://www.aztagdaily.com/archives/377318

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ