«Թուրքիան եւ Ուքրանիան յառաջիկայ տարիներուն Եւրոպական Միութեան անդամ պիտի չդառնան» կ՛ըսէ Կապրիէլ


Գերմանիոյ
արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ յայտարարած է, որ Ուքրանիան եւ Թուրքիան յառաջիկայ տարիներուն անդամ պիտի չդառնան Եւրոպական Միութեան: Այս մասին կը հաղորդէ «Քորրեսփոնտընթ» կայքը:

«Չեմ կրնար պատկերացնել յառաջիկայ տարիներուն ո՛չ Թուրքիան, ո՛չ ալ Ուքրանիան իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիր», ըսած է Կապրիէլ` շեշտելով, որ Եւրոպական Միութիւնը պէտք է Քիեւի եւ Անգարայի հետ փոխադարձ գործակցութեան յատուկ բնորդ մշակէ:

Կապրիէլ նշած է, որ եթէ Պրիւքսելն ու Լոնտոնը կարենան արդիւնաւէտ համաձայնութեան հասնիլ «Պրեքզիթ»-էն ետք յարաբերութիւններու համակարգման վերաբերեալ, ապա փոխադարձ գործակցութեան այդ նոյն բնորդը կրնայ կիրարկուիլ նաեւ Ուքրանիոյ եւ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ:

http://www.aztagdaily.com/archives/377211

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ