Թուրքիան տեղ չունի Եւրոմիութեան մէջ․ Աւստրիոյ վարչապետ


Աւստրիոյ
նորընտիր վարչապետ Սեփասթիան Քուրց անդրադարձած է Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցուեան:

Ըստ «Էրմէնիհապեր»-՝ վկայակոչելով թրքական «Haber7.com» լրատուակայքը՝ գերմանական «Bild» թերթի հետ զրոյցի ընթացքին Քուրց վերահաստատած է Թուրքիոյ իր նախապէս յայտարարութիւնը՝ որ «Թուրքիան տեղ չունի Եւրոմիութեան մէջ»:

Անդրադառնալով նաեւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի այն յայտարարութեան, թէ իւրաքանչիւր եւրոպական երկիր պէտք է որոշ քանակութեամբ փախստականներ ընդունի, Քուրց նշած է, որ Եւրոմիութեան երկիրները իրենք պէտք է որոշեն, թէ որքան գաղթականի կ՛ուզեն ապաստան տալ:

Աւելցնենք, որ օրեր առաջ Աւստրիոյ վարչապետ ընտրուած 31-ամեայ Սեփասթիան Քուրց Եւրոպայի ամենաերիտասարդ վարչապետն է: Ան յայտնի է Թուրքիոյ եւրոպական համարկումի հարցով իր բացասական դիրքորոշումով, որու մասին բազմիցս բարձրաձայնած է նաեւ Աւստրիոյ արտաքին գործոց նախարար եղած ժամանակ:

http://www.yerakouyn.com/?p=145747

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ