ՊՈԼԻՍ» «Մարմարա».- Ոսկեղջիւրի (Հալիչ) ափին վրայ երկաթով կառուցուած պուլկարացիներու Ս. Ստեփանոս եկեղեցին, 2011էն ի վեր փակ էր պաշտամունքի համար՝ վերանորոգութեանց պատճառով։
«Երկաթեայ եկեղեցի» անունով ծանօթ այս եկեղեցին յունուար 7ին պաշտօնապէս պիտի վերաբացուի պաշտամունքի։ Կը հաղորդուի, թէ բացման արարողութեան ներկայ պիտի գտնուին նախագահ Էրտողան, Պուլկարիոյ վարչապետ Պոյքօ Պորիսով եւ կրօնական ու քաղաքական այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։
Հրաւիրուած է նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։
Եկեղեցւոյ նորոգութիւնը արժած է 16 միլիոն թրքական լիրա, որուն 15 միլիոնը տրամադրուած է կառավարութեան կողմէ, իսկ մէկ միլիոնը՝ Պուլկարիոյ կառավարութենէն։
Եկեղեցւոյ նորոգութեան համար, Անգարայի եւ Սոֆիայի միջեւ կնքուած էր համաձայնութիւն մը, ըստ որուն վերանորոգուեցաւ նաեւ Պուլկարիա գտնուող պատմական մզկիթ մը։
Նշենք, թէ այս եկեղեցւոյ կառուցումը սկսած էր 1891ին, իսկ բացումը կատարուած էր 1898ին։
Asbarez.com
Leave a Reply