ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Լրագրող Լիլիթ Մուրադեան կը հաղորդէ, որ կառավարութեան 21 դեկտեմբերի որոշումով, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան–հիմնարկ պետական ոչ–շահութաբեր կազմակերպութիւնը պիտի վերակազմաւորուի եւ պիտի դառնայ հիմնադրամ:
Ըստ հիմնաւորման՝ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանը հիմնադրամի վերածելու անհրաժեշտութիւնը պայմանաւորուած է Ցեղասպանութեան թանգարանի զարգացման ծրագիրներու իրականացման համար առաւել նպաստաւոր պայմաններ ստեղծելու հանգամանքով:
Կարգավիճակի փոփոխութիւնը կը նպաստէ թանգարան-հիմնարկի կառավարման արդիւնաւէտութեան բարձրացման, տարբեր աղբիւրներէ, նաեւ Սփիւռքէն ներդրումներու ապահովման:
Կ՛ակնկալուի, որ հիմնադրամի կարգավիճակ ստացած թանգարանը կը վերածուի ինքնավարութեան առաւել բարձր մակարդակ ունեցող գիտական կեդրոնի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրման ոլորտ ներգրաւելով նաեւ օտար ուսումնասիրողներու, գիտնականներու, ձեւաւորելու միջազգային հասարակութեան վերաբերմունք Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ՝ արտաքին աշխարհի մէջ անհրաժեշտ ընկալման հասնելու նպատակով:
«Կազմակերպաիրաւական կարգավիճակի փոփոխութիւնը լայն հնարաւորութիւն կը տայ աւելի ճկուն ու արդիւնաւէտ օգտագործել ֆինանսական միջոցները, թանգարանում ծաւալել լրացուցիչ ներդրումներ պահանջող աշխատանքներ՝ դրանցում ներգրաւելով նաեւ սփիւռքահայ գաղթօջախների ներկայացուցիչների, բարերարների: Հիմնադրամի կարգավիճակը ենթադրում է աւելի բարձր ինքնուրոյնութիւն եւ ինքնակառավարում ի դէմս հոգաբարձուների խորհրդի, որն իրաւասու է սահմանելու ձեռնարկատիրական գործունէութեան նոր տեսակներ», նշուած է հիմնաւորման մէջ:
Asbarez.com
Leave a Reply