Արձանագրութիւններուն վերաբերող Սերժ Սարգսեանի յայտարարութիւնը ճնշում էր Թուրքիոյ համար


«
Թերթ»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` խօսելով Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան մասին, որ` Հայաստանի կողմէ հայթուրքական արձանագրութիւններու չեղեալ յայտարարուիլը ոչ մէկ իմաստ պիտի ունենայ իրենց համար` ըսած է. «Հայթրքական արձանագրութիւնները առ ոչինչ կը յայտարարուին, եթէ նախագահ Սերժ Սարգսեան իր յայտարարութիւնը կեանքի կոչէ»:

Չաւուշօղլու ըսած է, որ Թուրքիան ի սկզբանէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ հաստատելու իմաստով ունեցած է իր նախապայմանը, որ կապուած է արցախեան տագնապին, եւ որ «առանց Հայաստանի կողմէ այդ նախապայմաններու կատարման` երկու երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը անկարելի է»:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք այսպիսով Անգարան պատասխանե՞ց նախագահ Սերժ Սարգսեանի վերջնաժամկէտին, թէ` «մենք 2018-ի գարուն պիտի մտնենք առանց այդ սին արձանագրութիւններուն»` Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ սեպտեմբերին, երբ Հայաստանի նախագահը յայտնեց այդ միտքը, Թուրքիան անտեսեց զայն եւ պատասխանեց միայն վերջերս:

«Թուրքիան կ՛ըսէ, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններ կ՛ուզէ հաստատել, բայց միաժամանակ կ՛ուզէ, որ Արցախի հարցը լուծուի այնպէս, ինչպէս Ազրպէյճան կը փափաքի: Հետաքրքրական է, որ սեպտեմբերին, երբ մեր նախագահը այդ յայտարարութիւնը կատարեց, Թուրքիան անոր չարձագանգեց, իսկ հիմա կ՛արձագանգէ, ինչ որ կը նշանակէ, թէ նախագահին յայտարարութիւնը իրենց համար ճնշում եղած է», հաստատած է Մանոյեան:

Ան նշած է, որ Թուրքիոյ քաղաքականութիւնը հետեւեալն է` կա՛մ անտեսել Հայաստանէն կատարուող յայտարարութիւնները, կա՛մ խեղաթիւրել զանոնք: «Երբ առաջարկուեցաւ պատմաբաններու յանձնաժողով կազմել, անոնք քանի մը օր ետք պատասխանեցին», յիշեցուցած է Մանոյեան:

Լրագրողը ուզած է գիտնալ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ այս արձանագրութիւններուն ճակատագիրը, Մանոյեան պատասխանած է. «Եթէ Հայաստանի նախագահին ըսածը կատարուի, ուրեմն անոնք առ ոչինչ պիտի յայտարարուին: Ի՞նչ փոխուած է, որ Թուրքիան իր կեցուածքը փոխէ»:

http://www.aztagdaily.com/archives/376695

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ