ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթը լուսարձակի տակ առած է երկրէն ներս անչափահաս բանտարկեալներու հարցը՝ նշելով, որ այդ դատապարտեալները բռնութիւններու կ՛ենթարկուին բանտերուն մէջ։
Ըստ թերթին՝ անչափահասներուն նաեւ յաճախ կ՛արգիլուի հանդիպում ունենալ փաստաբաններու հետ, եւ բազմաթիւ պարագաներու, բռնութեան ենթարկուածները չեն համարձակիր բողոք ներկայացնել՝ վախնալով հետագայ ճնշումներէ։
«Ցաւալի է, որ հետաքննութիւններն ալ յաճախ կը վերջանան առանց մեղաւորները պատժելու», գրած է թերթը։
2017ի ապրիլի դրութեամբ, երկրին մէջ կան 2800 անչափահաս դատապարտեալներ, ինչ որ վերջին 7 տարիներուն ամենաբարձր չափանիշն է։ Նաեւ, 2009էն 2017ի միջեւ, բանտերու մէջ մեռած են 18 անչափահասներ։
Asbarez.com
Leave a Reply