Իրան վերապահութիւն կը յայտնէ Պոլսոյ մէջ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի հաղորդագրութեան որոշ կէտերուն նկատմամբ


Իրանի
արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պահրամ Ղասեմի յայտնեց, որ իր երկիրը Պոլսոյ մէջ Երուսաղէմի հարցով Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան վեհաժողովի քարտուղարութեան յայտնած է, որ վերապահ է անցեալ չորեքշաբթի գումարուած ժողովէն բխած հաղորդագրութեան կարգ մը կէտերուն նկատմամբ:

Ղասեմի նշեց. «Ժողովի ընթացքին հաղորդագրութեան զօրակցիլը երբեք չի նշանակեր Իրանի կողմէ սիոնական գոյացութեան ճանաչումը»:

Նշենք, որ Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ պետութիւններու ղեկավարները իրենց հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ յայտնած էին, որ կը ճանչնան Պաղեստինեան անկախ եւ Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով պետութիւնը:

http://www.aztagdaily.com/archives/376072

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ