ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Իսրայէլի «Եշ Աթիտ» (Ապագայ կայ) ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ, անդրադառնալով Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ հնչող հակաիսրայէլեան յայտարարութիւններուն՝ Իսրայէլի խորհրդարանէն (Քնեսեթ) պահանջած է Թուրքիոյ դէմ յստակ պատժական քայլերու ձեռնարկել:
Թրքական «T24.com.tr» լրատուական կայքը, յղում կատարելով հրէական «Թայմզ աֆ Իսրայէլ» թերթին՝ կը գրէ, որ Լափիտ յայտարարած է, թէ իր կուսակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող օրէնքի նախագիծ մը պիտի ներկայացնէ Իսրայէլի խորհրդարանին:
Ան «դիւանագիտական սխալ» կոչած է Անգարային հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու նպատակով 2016ին կնքուած թուրքիսրայէլեան համաձայնագիրը: «Պէտք չէ վախնանք՝ ո՛չ թուրքերու, ո՛չ պաղեստինցիներու, ո՛չ ալ արաբական աշխարհի սպառնալիքներէն», ըսած է ան:
Հրէական թերթը կ՛աւելցնէ, որ Իսրայէլ ցարդ կը խուսափէր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն՝ Թուրքիան չզայրացնելու համար։
Asbarez.com
Leave a Reply