ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան կը պատրաստուի «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ» 3րդ համաշխարհային նիստին: Այս մասին, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յայտնեց Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ ունեցած իր ելոյթին մէջ:
«Յաջորդ տարուան դեկտեմբեր 9ին, Յիշատակման միջազգային օրը, առաւել մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ, քանի որ անիկա կը համընկնի «Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին» համաձայնագիրի ընդունման 70ամեակին հետ: Այս առիթով, Հայաստան կը պատրաստուի Երեւանի մէջ հիւրընկալելու «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան դէմ» 3րդ համաշխարհային նիստը: Համաձայնագիրի ընդունումէն 70 տարի ետք ալ աշխարհը զերծ չէ այս «նողկալի արհաւիրքէն»: Չափազանց կարեւոր է կրկնապատկել կանխարգիլման օրակարգի ամրապնդման ուղղուած միջազգային ջանքերը: Այն, ինչին ականատես կ՛ըլլանք այսօր, մասնաւորապէս Միջին Արեւելքի մէջ, կապուած ցեղային եւ կրօնական խումբերու դէմ ինքնութեամբ պայմանաւորուած յանցագործութիւններու հետ, բացայայտօրէն կը վկայէ Համաձայնագիրի արդիականութիւնը, որ յստակօրէն սահմանած է պատժելի գործողութիւնները, ներառեալ՝ յանցակցութիւնը», ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան:
Ըստ նախարարին՝ Հայաստան այն առաջին պետութիւններէն էր, որ բարձրաձայնեց այդ հարցին մասին, կոչ ընելով՝ ամրապնդելու կանխարգիլման միջազգային կառուցակազմերը:
Քրիստոնեաներու եւ կրօնական այլ խումբերու դէմ ատելութեան հողի վրայ իրականացուող յանցագործութիւններուն եւ խտրականութեան հակազդելու արդիւնաւէտ միջոցներու յետագայ զարգացումը եղած է վերջերս ԵԱՀԿի նախագահութեան ու Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ Մարդու իրաւունքներու գրասենեակի կազմակերպումով եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ Երեւանի մէջ կայացած բարձրաստիճան համաժողովի ուշադրութեան կեդրոնին:
«Բռնութիւնները Միջին Արեւելքի մէջ չեն շրջանցած հայերը, որոնք դարեր շարունակ մաս կը կազմեն Սուրիոյ եւ Միջերկրական Ծովու տարածաշրջանի բազմամշակութային եւ բազմակրօն խճանկարին: Աւերուած են հայկական բնակավայրեր, եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ մշակութային հաստատութիւններ: Մեր հայրենակիցներէն շատերը զոհուած են ահաբեկչական գործողութիւններու իբրեւ արդիւնք, իսկ ոմանք ստիպուած ձգած են իրենց բնակութեան վայրերը: Միայն Սուրիայէն աւելի քան 22 հազար փախստականներ ապաստան գտած են Հայաստանի մէջ՝ դարձնելով մեր երկիրը բնակչութեան թիւի յարաբերակցութեամբ երրորդը Եւրոպայի մէջ՝ Սուրիայէն փախստականներ ընդունող երկիրներու շարքին: Մարդասիրական օգնութեան շարունակական տրամադրումով՝ փորձած ենք նաեւ աջակցիլ անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին Սուրիոյ մէջ», եզրակացուց նախարար Նալբանդեան:
Asbarez.com
Leave a Reply