Համշէնահայր Ճեմիլ Աքսուն եւ կինը ազատ արձակուեցան


Դեկտեմբեր
8-ին, թրքական բանտէն ազատ արձակուած են համշէնահայ Ճեմիլ Աքսուն եւ կինը՝ ՆուրՃան Վայիչ, որոնք ձերբակալուած էին Հոկտեմբերին, Համշէնի Խոպա քաղաքին մէջ։

Անոնք ձեռբակալուած էին իշխանութիւններուն թերութիւններուն ակնարկող իրենց համացանցային գրառումներուն համար։

«Evrensel» կայքին համաձայն, Նուրճան Վայիչ Խոպա քաղաքի Ժողովրդական Դեմոկրատական Կուսակցութեան (HDP) տեղական բաժինի ղեկավարներէն է։

Յիշենք, որ Ճեմիլ Աքսու ժամանակին արդէն շուրջ 9 տարի բանտարկուած է քաղաքական իր հայեացքներուն պատճառով:

Աքսու եւ Վայիչ ընդդիմադիր հայեացքներով գրողներ են, որոնք յաճախ Թուրքիոյ իշխանութիւնները քննադատող եւ երկրին մէջ ազգայնամոլ դրսեւորումները դատապարտող արտայայտութիւններով հանդէս կու գան:

Անոնք ունին 8-ամեայ մանչ զաւակ մը՝ Արեւ անունով։

http://www.yerakouyn.com/?p=144809

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ