Թուրքիոյ մէջ «ցասման ուրբաթ»` ընդդէմ Թրամփի որոշման


«
Իսլամական դիմակայութեան շարժումը» (ՀԱՄԱՍ) ընդդէմ Իսրայէլի «ցասման ուրբաթ» յայտարարած է, երբ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը Երուսաղէմը ճանչցած է Իսրայէլի մայրաքաղաք:

Վկայակոչելով թրքական «Haberler» լրատուական կայքը՝ Ermenihaber.am-ը կը յայտնէ, որ «ՀԱՄԱՍ»-ի կոչը արձագանգ գտած է ամբողջ աշխարհի, ներառեալ նաեւ Թուրքիոյ մէջ:

Թուրքիոյ տարբեր շրջաններու մէջ, բնակիչները ուրբաթօրեայ աղօթքէն ետք բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն եւ կ’աղօթեն ազատ Պաղեստինի համար: Շարք մը հասարակական կազմակերպութիւններ յայտարարած են, որ ԱՄՆ-ի դեսպանատան եւ հիւպատոսարաններու առջեւ պիտի կազմակերպուին բողոքի ցոյցեր:

http://www.yerakouyn.com/?p=144677

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ