«ԱՐԱՍ»ԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ- «Սպասման սրահին մէջ»


«
Սպասման սրահին մէջ» Զապէլ Եսայեանի առաջին վէպն է, որ թերթօնի ձեւով տպագրուած է «Ծաղիկ»ի մէջ, Սեպտեմբեր 1903էն սկսեալ:

Արեւմտահայ արձակի կարեւոր դէմքերէն մէկն է Զապէլ Եսայեան, որ իր հանրային գործունէութեամբ ալ ուրոյն տեղ մը կը գրաւէ Ի. դարասկիզբի հայ իրականութեան մէջ:

Գիրքը կը ներկայացնէ Փարիզեան կեանքէն առնուած դրուագ մը, ուր երիտասարդ, սակայն աղքատ մայր մը՝ Էվա, իր վտիտ ստինքներէն բնութեան զլացած կաթը կը փորձէ ապահովել մայրանոցի միջանցքներուն մէջ՝ վկան դառնալով հիւանդանոցի պաշտօնեաներուն անխիղճ վերաբերմունքին: Մէկ կողմէ ալ իր հիւանդ ամուսինը կը խնամէ Էվա, որ զգայուն կնոջ յատուկ վերապահութեամբ կ՛ընդունի հոգիին խորը, քիչ մըն ալ անգիտակցաբար ծագող սէրը հանդէպ զինք խնամող բժիշկին:

«Սպասման սրահին մէջ»ի այս առաջին հրատարակութեան յառաջաբանը գրի առած է գրագէտ Գրիգոր Պըլտեան:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ