Թուրքիան կը շարունակէ զինամթերք կուտակել Սուրիոյ հետ սահմանին մօտ

Թուրքիոյ զինուած ուժերոուն պատկանող 20 ռազմական մեքենաներէ բաղկացած շարասիւնը, դեկտեմբեր 5-ին, տեղակայուած է թուրքսուրիական սահմանին մօտ: Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ այս մասին հաղորդած է թրքական «Dunyabulteni» լրատուական կայքը` նշելով, որ մեքենաները տեղակայուած են Սուրիոյ սահմանամերձ Հաթայ նահանգին մէջ:

Թրքական «Haberler»-ի համաձայն՝ այժմեան Թուրքիոյ Մալաթիա նահանգէն Սուրիոյ հետ սահման ուղարկուած է 5 «Fırtına» տեսակի հաուպից:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած ազգային անվտանգութեան խորհուրդի վերջին նիստին ընթացքին քննարկուած էր Սուրիոյ քրտական ուժերուն վերահսկողութեան տակ գտնուող սուրիական Աֆրին նահանգին մէջ ռազմական գործողութիւններ սկսիլը:

Նշենք, որ պաշտօնական Անգարան՝ Սուրիոյ քրտական ուժերը՝ ահաբեկչական կը համարէ:

http://www.yerakouyn.com/?p=144437

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ