Արցախ մեկնած թուրք մտաւորականներուն դէմ հետաքննութիւն սկսած է Թուրքիոյ մէջ

Ատրպէյճան գտնուող Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուլրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին խօսած է այն 4 թուրք մտաւորականներուն մասին, որոնք 22 սեպտեմբերին ճանաչողական այցելութեամբ մեկնած էին Արցախի Հանրապետութիւն:

Նշենք, որ Ատրպէյճանի դատախազութիւնը Արցախ այցելած Թուրքիոյ Կանաչներու եւ ձախակողմեաններու կուսակցութեան հիմնադիր անդամ, «Անգարայի միտքի հարթակ» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավար Ուֆուք Ուրասը, գրող, հրապարակախօս Սայիթ Չեթինօղլուն, լրագրողներ Ալի Պայրամօղլուն եւ Էրոլ Քաթըրճըօղլուն կալանաւորելու որոշում կայացուցած էր եւ անոնց դէմ յայտարարած էր միջազգային հետախուզութիւն:

«Էրմենիհապեր»ը՝ վկայակոչելով թրքական «Հապերլեր» լրատուական կայքը, կը փոխանցէ, թէ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Անգարա մտահոգ է, որ վերոնշեալ անձերը առանց Ատրպէյճանի արտօնութիւնը ունենալու եւ առանց տեղեակ պահելու թրքական իշխանութիւնները, մեկնած են Արցախ:

«Անօրինական կերպով ատրպէյճանական տարածք մուտք գործելը յանցանք է: Մանաւանդ երբ հաշուի առնենք, թէ որքան զգայուն հարց է ղարաբաղեան հիմնահարցը, երբ դեռ յարակից 7 շրջաններն ալ գրաւման մէջ են: Ահա՛ թէ ինչու մենք եւս հետաքննութիւն սկսած ենք, երբ Ատրպէյճանի մէջ հետաքննութիւն սկսաւ Ղարաբաղ մեկնած նշեալ անձերուն նկատմամբ: Անոնք արդէն հրաւիրուած են դատարան՝ ցուցմունքներ տալու: Այդ անձերը նոյնիսկ հեռաձայնած են ինծի եւ ըսած, որ չեն գիտակցած, թէ յանցանք կը գործեն: Ես ալ ըսի, որ ատոր համար պէտք է բացատրութիւն տալ ատրպէյճանական իշխանութիւններուն: Վերջապէս, նախակրթարանի աշակերտներ չեն: Անոնք թէեւ նշած են, որ մեկնելով Ղարաբաղ, այնտեղ պաշտպանած են Ատրպէյճանը, քննադատած «Խոջալուի կոտորածը» եւ Ղարաբաղի հարցով Ատրպէյճանին աջակցող տեսակէտներ յայտնած են, բայց ապօրինի ձեւով այնտեղ երթալը, արդէն յանցանք է», ըսած է Չաւուշօղլու:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուցած է, որ Արցախ մեկնած թուրք մտաւորականները նամակով դիմած են Բաքուին եւ յայտնած, որ չեն գիտակցած իրենց սխալը:

«Արդէն իրաւական գործընթացը սկսած է: Թող ատիկա դաս ըլլայ, որպէսզի յետագային ոչ ոք առանց թոյլտուութեան այցելէ Ղարաբաղ, որ կը հանդիսանայ Ատրպէյճանի տարածք: Ատիկա անընդունելի է թէ՛ մեզի եւ թէ Ատրպէյճանի համար» եզրափակած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ