Թուրքիան արձագանգած է Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ՄԻԵԴ-ի որոշման


Թուրքիոյ
արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի` (ՄԻԵԴ) նոյեմբեր 28-ին կայացուցած որոշման, որմով կը չեղարկուէր Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտած թուրք գործիչներու դէմ զուիցերիական դատարանին դատավճիռը:

Անգարան ՄԻԵԴ-ի այս որոշման վերաբերեալ հրապարակած է յայտարարութիւն՝ զայն որակելով իրաւական կարեւոր դիրքորոշում, որ հիմնուած է ժողովրդավարութեան եւ իրաւական սկզբունքներու վրայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի որ ՄԻԵԴ-ը՝ արձանագրելով զուիցերիական դատարանին կողմէ Ցեղասպանութիւնը ժխտելու մեղադրանքով դատապարտուած թուրք գործիչներու խօսքի իրաւունքին խախտումը, հզօր իրաւական դիրքորոշում ցուցադրած է բոլոր այն գործողութիւններուն հանդէպ, որոնք կը պարտադրեն «Ցեղասպանութեան պնդումներ»-ը ընդունելու իբրեւ ճշմարտութիւն:

«ՄԻԵԴ-ի որոշումով մէկ անգամ եւս արձանագրուեցաւ, որ 1915 թուականի դէպքերուն քննարկումը օրինականօրէն կը մնայ խօսքի ազատութեան սահմաններուն մէջ, եւ 1915-ի դէպքերուն եւ Հոլոքոսթի միջեւ կան պատմական եւ իրաւական տարբերութիւններ: Այս դրոյթները ձեւաւորուած էին արդէն 2015-ին «Փերինչէքը ընդդէմ Զուիցերիոյ» գործով ՄԻԵԴ-ի Մեծ պալատի կայացուցած բեկանման որոշումով: Այդպիսով, հաստատուեցան նաեւ 1915-ի դէպքերուն հանդէպ մեր պետութեան իրաւացի փաստարկները, որոնք ունին իրաւական հիմքեր»,- նշուած է յայտարարութեան մէջ:

http://www.yerakouyn.com/?p=144264

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ