Թուրքիոյ դատախազութիւնը կ՛ուզէ նաեւ Փայլանը զրկել անձեռնմխելիութենէ

•

Ըստ թրքական «Տեմոքրաթհապեր» լրատուական կայքին՝ նոյեմբեր 15ին եւ 16ին ներկայացուած այս պահանջագիրներուն թիրախ դարձած կարգ մը պատգամաւորներու վերաբերեալ քանի մը պահանջագիրներ ներկայացուած են միաժամանակ:

Ներկայացուած պահանջագիրներէն 46ը կը վերաբերի գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան, իսկ մնացեալ 75ը՝ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան պատգամաւորներուն: 2 պահանջագիր ուղարկուած է հանրապետականներու առաջնորդ Քեմալ Քըլըճտարօղլուի, իսկ 3 հատ՝ քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշի վերաբերեալ, հակառակ անոր որ վերջինս արդէն իսկ բանտարկուած է:

Պահանջագիր կայ նաեւ քրտամէտ կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանի վերաբերեալ:

Asbarez.com

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

December 2017
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ