ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ.- Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան 7րդ ճաշկերոյթը պիտի կայանայ հոկտեմբեր 12ին, Ֆիլատելֆիոյ մէջ: Այս ձեռնարկին ընթացքին աւանդաբար կը կայանայ նաեւ մրցանակաբաշխութիւն եւ այս տարի որոշուած է Հայ Դատի հեղինակաւոր «Ազատութիւն» մրցանակը շնորհել գրաքննադատներու կողմէ բարձր գնահատականի արժանացած ամերիկահայ վիպագիր Քրիս Պոհճալեանին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ անոր ունեցած մեծ ներդրումին համար: Յիշեցնենք, թէ անցեալ տարի Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին Քրիս Պոհճալեանին յանձնած էր Հայ Դատի «Արուեստ եւ Գիրեր» մրցանակը:
«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթի ամենաշատ ծախուող գիրքերու ցանկին վրայ շարք մը հատորներ ունեցած Քրիս Պոհճալեանի նախավերջին եւ 15րդ հատորը «The Sandcastle Girls»ն էր, որուն պատմութիւնը տեղի կ՛ունենայ Հայկական Ցեղասպանութեան արհաւիրքի օրերուն:
Նաեւ, Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, Հայ Դատի երկարամեայ գործիչներէն Զոհրապ Թազեան պիտի արժանանայ «Վահան Քարտաշեան» մրցանակին, որ կը շնորհուի Հայ Դատի գաղափարախօսութեան տարածման գործին մէջ յատկանշական աշխատանք կատարած գործիչներու:
Ձեռնարկի համանախագահներն են Փենսիլվանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներ Ճէյմզ Քզիրեան եւ Լորիկ Պարոնեան: «Այս միջոցառումը իրապէս կը ներկայացնէ Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ծաւալած գործունէութիւնը եւ անոր իրագործումները: Հոկտեմբեր 12ին մենք աննախադէպ թիւով այցելուներ կ՛ակնկալենք», կ՛ըսէ Քզիրեան:
Արեւելեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի «Ազատութիւն» մրցանակ»ով նախապէս պարգեւատրուած են Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, ցեղասպանագէտ Սամանթա Փաուըր, ծերակուտականներ Ռապըրթ Մենենտեզ եւ Էտուըրտ Քենետի, նախկին ծերակուտականներ Ռապըրթ Տօլ եւ Էլիզապէթ Տօլ, ինչպէս նաեւ պարոնուհի Քերոլայն Քոքս:
«Վահան Քարտաշեան» մրցանակին նախապէս տիրացած են Վահէ Ամիրեան, Մարթա Արամեան, Պետրոս Պանտազեան, Մելանի Քարնեքեան, Թաթուլ Սոնենց Փափազեան, Ռութ Թոմասեան, Ստեփան Տուլկարեան եւ փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննէսեան:
Ձեռնարկին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել www.anca.org/erbanquet կայքէջը կամ դիմել (267) 767-0453 (267) 767-0453 БЕСПЛАТНО թիւին:
http://asbarez.com/arm/170964/
Leave a Reply