ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը յաջողած է ձեռք ձգել իր երեք կալուածները։ Թաղային խորհուրդի Կալուածոց յանձնախումբը Վագըֆներու տնօրէնութեան դիմած էր՝ պահանջելով իր եօթը տարբեր կալուածները։ Ցարդ վերադարձուած են անոնցմէ երեքը միայն։ Կալուածներն են.
– Ֆաթիհ թաղամասին մէջ 41.47 քառակուսի մեթր փայտաշէն անջատ տուն մը (մէջը մէկ հոգի կը բնակի ներկայիս)։
– Ֆաթիհ թաղամասին մէջ 55.13 քառակուսի մեթր հողամաս (վրան կը գործէ երկաթեայ հնեղէններ հաւաքող մը)։
– Ֆաթիհի մէջ 33.7 քառակուսի մեթր հողամաս։
Այս երեք կարեւոր հողամասերուն եւ տան սեփականաթուղթը ստացուեցաւ եւ այս ձեւով՝ Թօփգաբուի եկեղեցին ամբողջութեամբ վերատիրացաւ անոնց։
http://asbarez.com/arm/170872/
Leave a Reply