Չանագգալէի պատերազմին ընթացքին սպաննուած քրիստոնեայ զինուորները «նահատակ» կը նկատուի՞ն

Çanakkale'deki gayrimüslim şehitlerimizՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յաճախ խօսուած է Չանագգալէի պատերազմի ընթացքին նահատակուած քրիստոնեայ զինուորներու մասին, սակայն այս նիւթը եւս, որ քրիստոնեաներու հաւատարմութեան փաստն է երկրին նկատմամբ, շահագործումի կամ ժխտումի նիւթ կը դառնայ պարբերաբար։
Արդարեւ, «Քենթ Հապեր» լրատու կայքին վրայ հրատարակուած է այս նիւթին նուիրուած յօդուած մը, ուր դիտել կը տրուի, որ Չանագգալէի պատերազմի զոհերու շիրմաքարերուն վրայ կան անուններ, որոնց վարժ չէ թուրք ժողովուրդը։ Անուններ, ինչպէս՝ Յակոբ, Արթին, Պետրոս, Փանայոդ, Եորկի, Տիմիթրի եւ այլն, որոնք ցոյց կու տան, թէ Չանագգալէի մէջ հերոսաբար կռուած են նաեւ ոչ իսլամներ։
Սպայակոյտի նախագահութիւնը ճակատամարտին մասին հրատարակած վեց հատորներուն մէջ կը պատմէ տպաւորիչ պատահար մը. զինուորական գունդի բժիշկ հարիւրապետ Տիմիթրոյաթի ծանրօրէն կը վիրաւորուի։ Ան երբ կը զգայ, թէ մահամերձ է, Ալի Չաւուշը կը կանչէ իր մօտը եւ անոր կ՛ըսէ. «Տե՛ս, երբ ես մեռնիմ, ոմանք պիտի ելլեն ու «կաւուր-մաւուր» ըսելով պիտի ուզեն զիս ուրիշ տեղ թաղել. մի՛ արտօներ, որ զիս ձեզմէ բաժնեն»։
Ուրիշ օրինակ մըն է հարիւրապետ Սոկրատի օրինակը. Սոկրատ Ինճեսու զօրաբաժինի մը հրամանատարն էր Չանագգալէի պատերազմին ընթացքին։ Ան ըսած է. «Իւրաքանչիւր թուրքի պարտականութիւնն է աղօթք մը մրմնջել այս մարտին ընթացքին զոհուածներուն հոգւոյն»։
Կիւրսել Կէօնճիւ, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է Չանագգալէի պատերազմի ուսումնասիրութեան, կը պնդէ, որ պատերազմին պատմութիւնը տակաւին լրիւ չէ գրուած։ Բայց հոս է, որ ծագած է եւ միշտ ալ խնդրոյ առարկայ կը դառնայ հետաքրքրական հարցում մը։ Արդեօք Չանագգալէի մարտին մասնակից ոչ իսլամները նահատակ կրնա՞ն նկատուիլ։ Փրոֆ. Հայրետտին Քարաման կը պնդէ, որ կրօնական տեսակէտէ, կարելի չէ նահատակ կոչել զանոնք. «Բայց հարիւր տարիէ ի վեր ընդունուած է նաեւ «հայրենիքի նահատակ» հասկացողութիւնը։ Այս տեսանկիւնէն եթէ նայուի, Չանագգալէի ժամանակ մեռած մեր ոչ իսլամ հայրենակիցները անշուշտ որ հայրենիքի նահատակներ են», ըսած է ան։
Գնդապետ Իսմայիլ Էօզտիլեք, որ յայտնի է Չանագգալէի պատերազմի նիւթին շուրջ իր կատարած ուսումնասիրութիւններով, ըսած է, որ համաշխարհային համոզումներու լոյսին տակ, անոնք ալ կրնան նահատակ նկատուիլ, սակայն կրօնքի նախկին տեսուչ Մեմետ Նուրի Եըլմազ կը պնդէ, որ նահատակութիւնը իսլամական հասկացողութիւն է եւ այս տեսակէտէն՝ կարելի չէ նահատակ կոչել ոչ իսլամները։

http://asbarez.com/arm/170536/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ