Մշոյ հայկական տուներուն հարցով սպառնալիք՝ «Ակօս» թերթին

Mush-300x145ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անցեալ շաբաթ հաղորդած էինք լուր մը, ըստ որուն՝ Հայկական պնդումներուն դէմ պայքարի միութիւնը պնդած էր, թէ Աղթամարի Ս. Խաչ եկեղեցին հայկական եկեղեցի չէ, այլ փեչենեք քրիստոնեայ թուրքերուն կը պատկանի:

Այս արտասովոր պնդումէն ետք, Կիրակի, Օգոստոս 18ին հաղորդուեցաւ նաեւ, թէ Մշոյ Գալէ թաղամասին մէջ քանդուող հայկական տուները «իրականութեան» մէջ թրքական տուներ են. «Մենք պիտի չքացնենք Մշոյ մէջ սարքուած հայկական այս խաղը», ըսած է նոյն միութեան մէկ ներկայացուցիչը՝ Իրֆան Էրմիշ։

Ինչպէս հաղորդուած էր նախապէս, Մշոյ Գալէ թաղամասին մէջ քաղաքապետութիւնը ձեռնարկած էր հին թաղամասը նոր համալիրներով փոխակերպելու, եւ այս կերպով՝ լուծելու քաղաքին բնակարանային տագնապը։ Բայց կարգ մը շրջանակներ այս ծրագիրին դէմ եկան՝ դիտել տալով, որ փլուզումի ենթակայ հին շէնքերը հայերէ մնացած պատմական բնակարաններ են եւ անոնք պէտք չէ քանդուին։ Քաղաքապետութիւնը այս մասին քննութիւն բացաւ եւ ուզեց ստուգել, թէ այդ հին տուները իսկապէս հայկակա՞ն էին։

Էրմիշ ըսած է, որ 1957-ին կատարուած արձանագրութեան մը մէջ նշուած է, թէ այս հողամասը նախապէս թափուր հող էր։ Ուրեմն, այդ տուները չէին կրնար հայերու տուներ ըլլալ։ «Որոշ շրջանակներ Մշոյ մէջ հիմա հայկական նոր խաղ մը սարքելու կը ջանան, բայց մենք արգելք պիտի հանդիսանանք ու պիտի խանգարենք անոնց այս խաղը», ըսած է Էրմիշ։

Ան նաեւ անուղղակի սպառնալիք մը ըրած է «Ակօս» թերթի հասցէին՝ այդ թերթը ամբաստանելով Թուրքիոյ ներքին խաղաղութինն ու անդորրութիւնը խանգարել փորձելու յանցանքով։ Ան ըսած է. «Կոչ կ՛ընեմ «Ակօս» թերթին, որ երկրի հայերը կը գրգռէ, ու «Մշոյ Հայկական տուները կը քանդուին» պոռչտալով՝ կ՛ուզէ խանգարել Թուրքիոյ ներքին խաղաղութիւնն ու անդորրութիւնը։ Հայերու վերագրուած այդ տուները թրքական են եւ անոնք վերջնականապէս պիտի արձանագրուին իբրեւ թրքական։ Մենք կը շնորհաւորենք Մշոյ քաղաքապետն ու գործակիցները, որոնք քաղաքին համար հրաշալի աշխատանք կը տանին ու ներկայիս կը պատրաստուին լուծելու շատ կարեւոր հարց մը։ Գալէ թաղամասի տուները թրքական տուներ են, պատերուն վրայ դրուած սուլթանական զինանշաններէն յայտնի է։ Ո՛չ մէկը կրնայ գրգռել մեր հայ հայրենակիցները, ո՛չ մէկը այսպիսի փափաքներ թող սնուցանէ: Թուրք ժողովուրդը նմանօրինակ խաղի չի գար», ըսած է Էրմիշ։

http://asbarez.com/arm/170216/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ