Մինչեւ 2015 թուական՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 400 վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու համաձայնութիւն

Վերապրողներու ՎկայութիւններըԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Հայկական շարժապատկերի հիմնարկը եւ Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանին (USC) մէջ գործող «Շօա» հիմնարկը յունիս 19ին համաձայնութիւն մը գոյացուցած են՝ Հայոց Ցեղասպանութենէն 400 վերապրողներու վկայութիւնները թուայնացնելու ծրագիրը ամբողջացնելու՝ մինչեւ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը, որպէսզի անոնք մաս կազմեն «Շօա» հիմնարկի մնայուն «Տեսողական պատմութիւն» հաւաքածոյին:
Վերապրողներու վկայութիւնները արձանագրուած են Հայկական շարժապատկերի հիմնարկի հանգուցեալ հիմնադիր Մայքըլ Յակոբեանի կողմէ, 16 մմ. ժապաւէնի վրայ, 1996-2005 տարիներուն միջեւ:
Նշեալ վերապրողները մահացած են ներկայիս: Անոնց հետ հարցազրոյցները կատարուած են 10 տարբեր լեզուներով: Անոնք 8էն 29 տարեկան էին Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն:
Հարցազրոյցներուն թուայնացումը պիտի կատարուի երկու տարբերակով, որոնցմէ մէկը համացանցի միջոցաւ դիտուելու համար է, իսկ միւսը՝ սփռումներու համար օգտագործուելու:

http://asbarez.com/arm/170150/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ