Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինուորական կցորդը Էրկենեքոնի հարցով ցկեանս բանտարկուած զօրավարին եղբայրն է

Զօր. Հասան Նեւզաթ ԹաշտելերԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը զինուորական աղբիւրներ մէջբերելով կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինուորական նոր կցորդ Հասան Նեւզաթ Թաշտելեր մօտ օրէն պիտի ստանձնէ իր պաշտօնը:

Կը նախատեսուի, որ զինուորական նոր կցորդը իր պաշտօնը ստանձնէ օգոստոսի վերջաւորութեան: Ան պիտի փոխարինէ զօր. Եուճել Քարաուզը:

Թուրքիոյ Զինուորական բարձրագոյն խորհուրդը օգոստոսի սկիզբը Ազրպէյճանի մէջ թրքական զինեալ ուժերու կցորդ զօր. Եուճել Քարաուզը նշանակեց Քըրըքքալէի մէջ ցամաքային ուժերու թիկունքային հրամանատարութիւնը մատակարարելու գծով վարչութեան հետ` անոր փոխարէն զօր. Հասան Նեւզաթ Թաշտելերը նշանակելով զինուորական կցորդ:

Նախքան զինուորական կցորդ նշանակուիլը, ան Թեքիրտաղի 3-րդ զրահապատ մեքենաներու զօրաբաժինի հրամանատարն էր: Ատկէ առաջ, Թաշտելեր Իգտիրի մէջ սահմանային 5-րդ գունդի հրամանատարն էր:

Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ զինուորական նոր կցորդը «Էրկենեքոն»-ի դատական հարցով ցկեանս բանտարկուած թրքական զինեալ ուժերու մարզումի բաժանմունքի հրամանատար Հիւսէյն Նուսրեթ Թաշտելերի եղբայրն է:

«Արմենփրես» կը գրէ, որ ինչպէս կ՛երեւի` Անգարա Հասան Թաշտելերը աքսորած է Պաքու, որովհետեւ անոր եղբայրը 2003-ին Թուրքիոյ մէջ կառավարութեան յեղաշրջման ծրագիրի մասնակիցներէն է եւ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի թշնամին:

http://www.aztagdaily.com/archives/141171

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ