100-ամեակի կեդրոնական մարմինի նիստը` Զմմառու վանքին մէջ

100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինի ՆիստըՀայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինը իր հերթական նիստը գումարեց Զմմառու վանքին` ցեղասպանութեան նահատակ երանելի Մալոյեանի անուան թանգարանին մէջ, ներկայութեամբ վանքի մեծաւոր գերապայծառ Գաբրիէլ թ. ծ. վրդ. Մուրատեանի:

Մարմինի ատենապետ Սեդա Խտըշեան զեկուցեց 100-ամեակի աշխատանքներուն մասին, որմէ ետք գերապայծառ Մուրատեան անդրադարձաւ Զմմառու վանքի արխիւային բաժանմունքի կարեւորութեան եւ անոր կապուած ծրագիրներուն:

Զմմառի ձեռագրային եւ արխիւային բաժանմունքը յայտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Մաշտոցի անուան մատենադարանի գիտաշխատող խումբի ուշադրութեան կեդրոնը: Արդարեւ, ներկայիս Հայաստանէն եօթը արխիւագէտ գիտաշխատողներ կ՛ուսումնասիրեն եւ կը դասաւորեն Զմմառու արխիւները:

Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան յառաջիկայ տարի Զմմառու վանքին մէջ ցեղասպանութեան վերաբերող արխիւներու ներկայացման եւ գիտական զեկուցումներու կազմակերպման հնարաւորութիւններուն վրայ:

http://www.aztagdaily.com/archives/140490a

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ