Հայերը նախատած թուրք ըմբշամարտիկը կը պատժուի

Ռըզա ՔայալփՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Ըմբշամարտի միջազգային դաշնակցութիւնը եւ Ողիմպիական միջազգային յանձնախումբը վեց ամիսով պատիժ մը սահմանեցին Թուրքիոյ եւ Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեաններէն Ռըզա Քայալփի նկատմամբ, որ «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերուն ընթացքին ցոյց ընողները նախատելու նպատակով՝ նախատած էր նաեւ հայերը։
Քայալփ «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ այպանած էր «Կեզի» հանրապարտէզին ի նպաստ ցոյց ընողները եւ անոնց մասին գրած էր. «Դաշտը հայերու թողուցիք: Աստուծմէ գտնէք դուք, գո՛ղ աւազակներ, դաւաճաններ»։ Ան նաեւ ցոյցերը վերագրած էր «հայ եւ յոյն շուներուն»:
Անոր այս ակնարկութիւնները ցնցիչ ազդեցութիւն գործած էին։ Ըմբշամարտիկին դէմ հակազդեցութիւնը ա՛լ աւելի սաստկացաւ, երբ Մերսինի մէջ Միջերկրականեան մարզախաղերու բացման օրը Թուրքիոյ դրօշակը կրելու պատիւը տրուած էր անոր։ Հանրային կարծիքը կը հարցնէր, թէ այսքան ցեղապաշտ մէկու մը ինչպէ՞ս կը տրուէր այս պատիւը:
Քայալփ աւելի ուշ հերքեց եւ ըսաւ, թէ իրեն վերագրուած տողերը ինք չէ ըսած, բայց այդ հերքումը զինք չփրկեց պատիժէ։
Թուրքիոյ ըմբշամարտի դաշնակցութիւնը եւս պաշտպան կանգնեցաւ Քայալփին՝ պնդելով, թէ անարդար է պատիժը։ «Մենք մեր արժէքաւոր զաւակը կը պաշտպանենք եւ չենք արտօներ, որ կարգ մը ուժեր զինք ուտեն», ըսաւ նոյն դաշնակցութեան նախագահ Համզա Երլիգայան:
Միւս կողմէ, «Պուկիւն» թերթին մէջ դարձեալ օրակարգի եկաւ «Տրապիզոնսփոր» ֆութպոլի խումբի նախագահ Իպրահիմ Հաճըօսմանօղլուի անունը, որուն դէմ գանգատ կար ցեղապաշտ արտայայտութեան մը կապակցութեամբ։ Իպրահիմ Հաճըօսմանօղլու, քննադատելով Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան կողմէ «Ֆեներպահչէ»ի տրուած այցելութիւնը՝ ըսած էր. ««Ֆեներպահչէ»ն անոնց խումբն է, իսկ «Տրապիզոնսփոր»ը յոյներուն, հայերուն կամ Իսրայէլի՞ խումբն է»։ Անոր այս արտայայտութիւնը Թուրքիոյ փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ ցեղապաշտ ու խտրական կեցուածք նկատուեցաւ, եւ անոր հասցէին գանգատներ յղուեցան Եւրոպայի ֆութպոլի դաշնակցութեան՝ ԵՈՒԷՖԱին։
Հաճըօսմանօղլու աւելի ուշ լուսաբանութիւն մը ըրաւ ու ըսաւ, թէ իր նպատակը փոքրամասնութիւնները նախատել չէր։ «Ես պարզապէս ըսել ուզեցի, որ երբ խումբի մը իրաւունք կը տրուի, ուրիշ խումբի մը նկատմամբ անիրաւութիւն պէտք չէ կատարուի։ Տրուած օրինակները բերնէս պատահմամբ ելած էին, կրնայի թերեւս գործածել «սպանական կամ գերմանական խումբեր», կամ պարզապէս՝ «օտար խումբ» բացատրութիւնը։ Թերեւս սխալ ըրի այսպիսի փափուկ շրջանի մը մէջ փոքրամասնութիւնները յիշեցնելով, բայց իմ նպատակս բացարձակապէս նախատել չէր մեր փոքրամասնական հայրենակիցները», նշեց ան։

http://asbarez.com/arm/169601/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ