«Ցեղապաշտ Մը Ի՞նչ Գործ Ունի (Պոլսոյ) Քաղաքապետութեան Մէջ»

Mehmet Y. YILMAZՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Պէյօղլուի քաղաքապետութեան կողմէ կազմակերպուած հաւաքի մը ընթացքին, քաղաքապետ Գատիր Թօփպաշ վերջերս ըսած էր, որ Պոլիսը 15 միլիոննոց ընտանիք մըն է եւ հոն եղբայրաբար կ՛ապրին զանազան մշակոյթներու եւ կրօնքներու ներկայացուցիչներ ։
«Հիւրրիյէթ»ի յօդուածագիր Մեհմետ Եըլմազ անդրադարձած է Թօփպաշի խօսքին՝ գրելով. «Հետաքրքրուած եմ, որ արդեօք փոքրամասնութեանց այդ ներկայացուցիչները Գատիր Թօփպաշին հետ բնաւ աչք աչքի եկա՞ն, ի՞նչ մտածեցին երբ աչք աչքի եկան, որովհետեւ անոնք չեն կրնար մոռնալ, էթ տակաւին քաղաքապետութեան արուեստի խորհրդականի իր դիրքը կը պահէ փրոֆ. Ահմետ Աթան, որ «Կեզի»ի ցոյցերուն ընթացքին համացանցի մէջ հայերու, հրեաներու ու յոյներու դէմ ծայր աստիճան նախատական արտայայտութիւններ ունեցած էր։ Փոքրամասնութիւնները, Գատիր Թօփպաշին հետ աչք աչքի գալու ընթացքին չըսի՞ն արդեօք, որ այսպիսի քինախնդիր ու փոքրամասնութիւններու նկատմամբ ատելութիւն սնուցանող մէկը կը շարունակէ մնալ ձեր արուեստի խորհրդականը։ Եթէ Պոլիս իսկապէս 15 միլիոննոց ընտանիք մըն է, ապա այսքա՛ն ցեղապաշտ մարդ մը ի՞նչ գործ ունի քաղաքապետութեան խորհրդականի աթոռին վրայ»։

http://asbarez.com/arm/169540/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

August 2013
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031  

Արխիւ