ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Սապահ» թերթի յօդուածագիր Սեւիլայ Եուքսելիր իր` օգոստոս 7ի ակնարկին մէջ կը գրէ, որ վստահ է, թէ Հրանդ Տինքի սպանութեան պատասխանատուն փաստաբան Քեմալ Քերինչսիզն է, որ «Էրկենեքոն»ի հարցով ցմահ բանտարկութեան դատապարտուածներէն մէկն է։ Եուքսելիր կը գրէ, թէ Օրհան Փամուքի դատավարութեան ընթացքին, բազմաթիւ լրագրողներու կարգին հոն էր նաեւ Հրանդ Տինքը, եւ երբ լրագրողներ Տինքէն յայտարարութիւն կը խնդրէին, կարգ մը բողոքարկուներ Հրանդին կը պոռային. «Կորսուէ՛, գնա՛ այս երկրէն, հայու …»։ Ապա, Քերինչսիզ պոռացած է. «Դարձեալ թրքութիւնը կը նախատես օտարներու մօտ, հայու …։ Գիտցիր, որ վախճանդ շատ գէշ պիտի ըլլայ։ Ամէնէն վերջը պիտի սատկեցնենք քեզ»։
Ըստ «Սապահ»ի՝ Տինքի սպանութեան պատասխանատուն «Էրկենեքոն»ի հարցով դատապարտուածներէն մէկն է
•
Վերջին Յաւելումներ
- Եռահատուած յիշատակում Մելիքճան Զամանի
- ԿԳՄՍ նախարարը հայտնել է, որ Հայոց ցեղաuպանnւթյան հուշահամալիրի բարեկարգումը կավարտվի դեկտեմբերին
- ՀՅԴ Հայ դատի կեդրոնական խորհուրդի յայտարարութիւնը` Իսրայէլի կառավարութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու առիթով



Leave a Reply